Նժարին մեր անկախութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան հարցն է դրուած: Այս մասին իր ֆէյսբուքեան ուղիղ եթերով ըսած է ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արամ Վարդեւանեան, որ կը գտնուի Արցախ:
«Պաշտպանելով Արցախը, պաշտպանում ենք Հայաստանը, քանի որ մէկը միւսից չի կարելի տարանջատել, որովհետեւ Արցախը եւ մեր անվտանգութիւնն է եւ մեր արժանապատուութիւնը: Ես բոլորին խնդրում եմ, իսկապէս եկէք ամսի 5-ին հաւաքուենք, լինենք միասնական անկախ որեւէ հանգամանքից: Սա իսկապէս քաղաքական հարց չէ: Ես կարող եմ ասել, որ արցախցու կամքը քարից էլ ամուր է եւ մենք պէտք է այդ ամէնից սնուենք, նաեւ մեր ուշադրութիւնը բերենք այստեղ»,- ըսած է Վարդեւանեան:
Պատգամաւորը նշած է, որ 1992 թուականի Գերագոյն խորհուրդի որոշումը անբեկանելի եւ անքննելի է, «Արցախը միշտ լինելու է հայկական եւ չի լինելու Ադրբեջանի կազմում»:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կոչ ըրած էր Ապրիլ 5-ին, ժամը 18.30-ին, անկախ քաղաքական հայեացքներէն եւ կուսակցական պատկանելիութենէն մասնակցիլ «Ազատութեան» հրապարակի հրաւիրուած հանրահաւաքին: