image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի մէջ սկսած է Քարվաճառի մէջ ձերբակալուած պահեստազօրային Գագիկ Ոսկանեանի դատավարութիւնը

Պաքուի մէջ սկսած է Քարվաճառի մէջ ձերբակալուած պահեստազօրային Գագիկ Ոսկանեանի դատավարութիւնը

Պաքուի դատարանէն ներս մեկնարկած է գերեվարուած հայ պահեստազօրային զինծառայող Գագիկ Ոսկանեանի գործով դատավարութիւնը, հաղորդած է ԱՊԱ գործակալութիւնը։

Ատրպէյճանական կողմը նշած է, թէ իբր Գագիկ Ոսկանեանը «ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով ներթափանցման-հետախուզական խբումբով» Քարվաճառի շրջանին մէջ խախտած է Ատրպէյճանի պետական սահմանը։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է քրէական օրէնսգիրքի քանի մը յօդուածներով։

2023-ի օգոստոս 16-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ վարժական հաւաքի մասնակիցն ինքնակամ լքած է դիրքը։ Նոյն օրը Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր հայ զինծառայողի ձերբակալութեան մասին եւ Հայաստանը մեղադրած ներթափանցման փորձ կատարելու համար։ Այնուհետեւ պարզուած էր, որ Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած հայ զինծառայողը դիրքը լքած պահեստազօրայինն է։

Գերեվարուած Գագիկ Ոսկանեանի գործով հայկական կողմը դիմած է Եւրոպական դատարան՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով: