image

Պաքուի մէջ լրագրողի վրայ յարձակած են

Պաքուի մէջ լրագրողի վրայ յարձակած են

Պաքուի մէջ զինուած յարձակում տեղի ունեցած է լրագրող Այթէն Մամետովայի վրայ:

Կը հաղորդուի, որ լրագրողը յարձակման ենթարկուած է իր բնակարանի շէնքին մէջ։ Անյայտ տղամարդը անոր ետեւէն վերելակ մտած եւ, դանակը կոկորդին դնելով, պահանջած է չլուսաբանել քրէական գործերէն մէկուն դատավարութիւնը։

Միջադէպին առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսած է: