Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի՝ Արցախ կատարած այցը եւ այդ քայլը կոչած է «հերթական սադրանք՝ Հայաստանի կողմէ»։
Այս մասին կը տեղեկացնէ ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութիւնը։
Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այդ քայլը ձեռնարկուած է ՝Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպումէն անմիջապէս ետք եւ «ոչ միայն կը ստուերէ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, այլեւ ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի անկեղծ չըլլալը»:
«Հայաստանի յայտարարութիւնները Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունենալու վերաբերեալ հեռու են անկեղծ ըլլալէ, պաշտօնական Երեւանը չի յարգեր նաեւ միջազգային միջնորդներու ջանքերը»,-ըսուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։