Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը 2021-ին առաջին անգամ կաթոլիկներու առջեւ ելոյթ ունեցած է՝ Վատիկանի մէջ Առաքելական պալատի պատուհանէն, կը յայտնէ Vatican News- ը: Նախ ան կարդացած է «Տիրոջ հրեշտակ» աղօթքը, ապա խօսած է համավարակի ժամանակ հիւանդներուն օգնելու անհրաժեշտութեան մասին:
Բացի այդ, Հռոմի պապը կոչ ըրած է հոգ տանելու անչափահաս փախստականներու մասին, որոնք իրենց երկիրները կը լքեն առանց ծնողներու: