image

Պան Քի Մուն Կը Զգուշացնէ «Հըզպալլա»ն

Պան Քի Մուն Կը Զգուշացնէ   «Հըզպալլա»ն

Նիւ Եորք- (  «Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) ՄԱԿ-ի Ընդհանուր   քարտուղար Պան քի Մուն առաջին անգամ ըլլալով զգուշացուց   «Հըզպալլա»ն   խօսելով  անոր զինեալներու Եամանի եւ Իրաքի պատերազմին մէջ մասնակցութեան մասին:  Պան   զանոնք  հրաւիրեց զիրենք զուսպ ըլլալ եւ չմասնակցիլ Սուրիական հակամարտութեան:ՄԱԿ-ի կողմէ նմանօրինակ արտայայտութիւնը կը զգուշացնէ թէ «Լիբանանը կրնայ աւելի մեծ պատուհասներու հանդիման գտնուիլ»:Պան քի Մուն իր զեկոյցին մէջ,  ՄԱԿ-ի թիւ 1559-րդ որոշումը գործադրելու վերաբերեալ ըսաւ ««Հըզպալլա»ի եւ Լիբանանեան կարգ մը տարրերու մասնակցութիւը լուրջ սպառնալիք է Լիբանանի խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան»: Ան հրաւիրեց Լիբանանեան կառավարութիւնը եւ բանակը անհրաժեշտ քայլեր առնել արգիլելու «Հըզպալլա»ի  պետական շարքերէն դուրս զէնք վերցնելը, որը 1559-րդ որոշման հակառակ է»: Պան նաեւ շեշտեց,  թէ մտահոգիչ է, որ երկխօսութեան նիստերուն բոլոր առնուած որոշումները չեն գործադրուած եւ երկխօսութիւնը յառաջխաղացման միակ ճամբան է:

Ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Լիբանանեան բանակին ահաբեկչական խմբաւորումներուն՝ ISIS-ի  եւ Նուսրայի դէմ պայքարելուն համար:

Պան ամբաստանեց Սուրիական սահմաններէն Լիբանանեան կողմի վրայ տեղի եղած հրթիռակոծումներն ու օդանաւային յարձակումները, շեշտելով թէ կատարուածը «Լիբանանի   գերիշխանութեան հանդէպ խախտում է»:

Ներքին գետնի վրայ  ան հրաւիրեց Լիբանանի քաղաքական ուժերը շրջանցել քաղաքական, կուսակցական անհասկացողութիւնները դիմագրաւելու համար՝ ապահովական, տնտեսական, մարդկային օրըստօրէ բարդացող  մարտահրաւէրները, մատնանշելով թէ «Կը նկատեմ քաղաքացիներու բողոքի  յարատեւութիւնը եւ արդար պահանջքը հասարակական ծառայութիւններու վերաբերեալ» եւ ըսաւ,  որ կարելի չէ հանդուրժել նախագահական ընտրութեան երկարաձգումը եւ  հրաւիրեց երեսփոխանները պատասխանատուութեամբ կատարելու իրենց պարտականութիւնը, «ներկայ ըլլալով ազգային ժողովի նիստերուն եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելով». Եզրակացուց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը: