image
Հրատապ լուրեր:

Պախմութի արեւելեան հատուածը անցած է «Վակնէր» խմբաւորման ձեռքը

Պախմութի արեւելեան հատուածը անցած է «Վակնէր» խմբաւորման ձեռքը

Ռուսական ուժերն ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առած են Պախմութի (ռուսական անուանումը՝ Արթեոմովսք) արեւելեան հատուածը։ Այս մասին չորեքշաբթի յայտնած է «Վակնէր» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինը, գրած է ԹԱՍՍ ։

««Վակնէր»-ի ստորաբաժանումները գրաւած են Պախմութի ամբողջ արեւելեան հատուածը: Պախմութքա գետէն արեւելք ամէն ինչ ամբողջութեամբ կը գտնուի «Վակնէր»-ի վերահսկողութեան տակ»,- ըսած է Փրիկոժին, որու խօսքերը թելեկրամեան ալիքով հրապարակած է անոր մամլոյ ծառայութիւնը։

Պախմութը կը գտնուի ինքնահռչակ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան այն մասը, որ կը վերահսկուի Քիեւի կողմէ եւ կարեւոր փոխադրային հանգոյց է Տոնպասի մէջ գտնուող ուքրանական զօրքերու խմբաւորման մատակարարման համար։ 

Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Սերգէյ Շոյգու ըսած է, որ Պախմութի համար մարտերը կը շարունակուին։ Ան նշած է, որ քաղաքի գրաւումը թոյլ կու տայ, որ յարձակում իրականացուի ուքրանական զօրքերու պաշտպանութեան խորքին մէջ։

«Այս քաղաքը կարեւոր պաշտպանական հանգոյց է Տոնպասի ուքրանական զօրքերուն համար: Այն վերահսկողութեան տակ առնելը թոյլ կու տայ հետագայ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու Ուքրանիոյ զինուած ուժերու պաշտպանութեան խորքին մէջ»,- ըսած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարը