Իրաքի Հայոց Թեմի Թեմակալ Առաջնորդի բարձր հովանաւորութեամբ օրերս Պաղտատի մէջ նշուած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման հոգեպարար տօնը։ Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական լրատւութիւնէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը ՝
Հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Ուրբաթ օր, Օգոստոսի 15ին, Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Սբ. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագը մատուցեց Հոգշ․ Տ․ Դերենիկ աբեղայ Սահակեանը, որը, Արժ․ Տ․ Առէն քհնյ․ Մարտիրոսեանի հետ ծառայութեան կոչուած է Իրաքահայ Թեմին մէջ։ Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց, Յիսուս Մանուկը գրկած Սբ․ Աստուածամօր պատկերը։ Այս հոգեպարար արարողութեան Ներկայ եղան`Հոգեւորականաց Դասը, ՀՀ Դեսպանութեան հիւպատոս Օրդ․ Զարուհի Ներսէսեանը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Եկեղեցապան Մարմնի անդամները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։