Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հրապարակած են Նաթանիահուի գրասենեակի մօտ՝ դիւանատան մէջ քնացած «Ղիլաֆ Կազա» («Օթեֆ Ազա») բնակավայրերու տեղական իշխանութիւններու ղեկավարներու նկարը՝ նշելով, որ անոնք հրաժարած են վերադառնալ բնակավայրեր, նախքան Նաթանիահուէն յստակ յայտարարութիւն հնչելը, որ վերադարձն անվտանգ է։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ալ Մայատին» կայանէն։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները լուսանկար հրապարակած են, ուր պատկերուած են «Ղիլաֆ Կազա» բնակավայրերու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու խորհուրդներու ղեկավարները՝ քնացած վիճակի մէջ, գրելով, որ անոնք երէկ գիշեր քնացած են վարչապետարանէն ներս, Նաթանիահուի գրասենեակին մօտ։
Ըստ լրատուամիջոցներուն, անոնք ըսած են. «Մենք պատրաստ չենք հեռանալու այստեղէն, մինչեւ որ վարչապետը յստակ ըսէ մեր բնակիչներուն, որ տուն վերադառնալը անվտանգ է»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նաեւ յայտնած էին, որ «Ղիլաֆ Կազա»ի վերաբնակիչները նամակ յղած են Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեզելիլ Սմոթրիչին, որուն մէջ հաստատած էին, որ չեն ուզեր վերադառնալ պատերազմական գօտի «եթէ սպառնալիքը չվերացուի»։ Նամակ յղած բնակավայրերու շարքին էին՝ Հանիթան, Շումիրան, Նաթոան, Զարըիթը եւ Շթուլան։
«Օթեֆ Ազայի ֆորում»-ի մասնակիցները եւս բողոքի նամակներ յղած են Սմոթրիչին՝ «Ղիլաֆ Կազա»ի խորհուրդներու ղեկավարներու վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի հետ հանդիպումէն առաջ, ուր անոնք ըսած էին, որ «Իսրայէլի կառավարութիւնը լքեց մեզ Հոկտեմբեր 7-ին... Մենք պատրաստ չենք պատերազմական գօտի վերադառնալու, եւ պատրաստ չենք վերադառնալու՝ քանի դեռ սպառնալիքը չէ վերացած»։
Անոնք նաեւ պահանջած են «շարունակել տարհանման ծրագիրը մինչեւ տարեվերջ եւ թոյլ տալ փափաքողներուն հեռանալ»:
Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանի բնակավայրերու ղեկավարները նոյնպէս նամակ յղած են Նաթանիահուին եւ պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթին, պահանջելով կանխել տարածաշրջանին մէջ ռազմական ուժերու կրճատումը։
Իսրայէլեան «Քան» լրատուականը երէկ՝ երկուշաբթի օր, յայտնած էր, որ «Հըզպալլա» հաստատած է, որ Լիբանանի ճակատը պիտի շարունակէ աշխուժ պահել այնքան ժամանակ, քանի դեռ կը շարունակուի յարձակումը՝ Կազայի հատուածին մէջ։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները աւելի վաղ յայտնած էին, որ հիւսիսը ամբողջ պատերազմի ընթացքին իր «ամենածանր օրերէն» մէկը ապրած է. Ընդամէնը երկու ժամուան ընթացքին Վերին Գալիլիոյ մէջ 21 անգամ ազդանշան գործարկուած է։ Նաեւ նշուած է, որ հիւսիսի մէջ, մասնաւորապէս Քարյեաթ Շմոնայի եւ Շլոմի մէջ առեւտրային գործունէութիւնը մեծապէս տուժած է։