image

Ազգային գործիչները յետ մահո՞ւ, թէ՞ առ կենդանութեան կը գնահատուին. գրեց՝ Պարոյր Աղպաշեան

Ազգային գործիչները յետ մահո՞ւ, թէ՞ առ կենդանութեան կը գնահատուին. գրեց՝ Պարոյր Աղպաշեան

Ինչո՞ւ այս գրառումներն ու խոհերը:

Միթէ պարզ չէ՞, որ եթէ Սփիւռքը, ակամայ, կրցաւ հայութեան ինքնութիւնը, գոյատեւումը ու համատարած կենդանութիւնը պահել, իր բազմաբեղուն, բազմագոյն ու բազմաձեւ երակներով, ատոնք փաստ չէի՞ն, որ ան Փիւնիկեան ծնունդ մը ունեցաւ, ուր քանի մը սերունդներ կազմուեցան, խմորուեցան ու հասունցան, ժառանգաւորուեցան եւ յաջողագրուեցան, Սփիւռքը պահելու այնքան տաք ու ջերմ, որ երաշխաւորուած ըլլայ անոր կանգուն, անսասան եւ աներեր մնալու ապահովութիւնը, Հայ Դատին անժամանցելիութիւնը եւ անոր հետապնդելութիւնը առանց շրջանցելու:

Յաջողեցա՞ն երէց սերունդի այդ ներկայացուցիչները, որոնք տառապանքի, գոյակռիւի, պայքարի, յարատեւման ու վերածնունդի «նշխար» էին, անտարակոյս, այո՛, որովհետեւ, այն ինչ որ կը տեսնենք, կը զգանք ու կ’ապրինք ամենուր, ատոնց լուսաւոր պատկերներն են, հոգ չէ թէ, կարգ մը պարագաներու ու շրջաններու մէջ, անոնք մերթ մթագնեցան, մերթ լուսանցքուեցան, բայց, վերջին հաշուով, անոնք մնացին «լուսաւորող կանթեղ»ներ, իրենց լոյսով ու ճառագայթով, որովհետեւ անոնց ընդմէջէն կը փայլատակէր յոյսի ու վստահութեան ցոլքը, որքան ալ անոնք ըլլան երբեմն տժգոյն, բայց, միշտ յուսատու:

Ես պիտի չխօսիմ մեր անցեալին մասին, ոչ ալ պիտի վկայակոչեմ այդ ժամանակները, սակայն, գոնէ իմ եւ իմ հասակակիցներուս կեանքը աչքի առաջ ունենալով, հոն պիտի սեւեռեմ իմ խոհերուս շարանը ու հայեացքս:

Հարցը կը վերաբերի մեր երէկուան եւ այսօրուան (եւ արդեօ՞ք ապագայի) մտաւորականներուն, որոնք ամբողջ կեանք մը նուիրեցին ու ծառայեցին իրենց առաքելութեան արդիւնաւորման ու դրսեւորման, զայն նկատելով իրենց «ճիտին պարտք»ը, ազգային, հայրենական, կրթական, գաղափարական, մշակութային, հասարակական առումներով ու չափանիշներով:

Տարագրութենէն ետք, ո՞վ կրնար իր ցանուցրուած ու տարտղնուած «բեկոր»ները ի մի բերել, անոնց կեանք եւ ապրում տալ, թարմացնելով իրենց գոյատեւելու վճռակամութիւնը, բացի այն հատուածներէն, որոնք կառչած էին իրենց արմատներուն ու բնաւ այլընտրանք չէին տեսներ, բացի դառնալու «տէր»ը իրենց ժառանգուած հարուստ եւ անշեղ ուղեգիծին:

Կա՞ր ասկէ աւելի վեհացնող ու պանծացնող պարտականութիւն, երբ անխուսափելին էր անիկա, ի ծառայութիւն ու վերյառնում հայ ժողովուրդին բարօրութեան ու բարեկեցութեան, վերականգնումին ու վերազարթօնքին:

Վստահաբար, այս էր պատճառը, որ ա՛յդ սերունդի ներկայացուցիչները, անայլայլ եւ անժխտելի համոզմունքներով ու դիտարկումներով, լծուեցան հայ Սփիւռքը կազմակերպելուն ու կառուցելուն, պահելու ու պահպանելու, տուեալ ժամանակներուն, չունենալով գոյերթի այլ պայմաններ:

Այդ սխրագործութեան տեսլապաշտները, ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ, գործնապաշտութեամբ եւ ամրակուռութեամբ, նուիրուածութեամբ ու գիտակցութեամբ, դարձան Հայ Սփիւռքի զօրավիգ կանգնող ու սատարող զինուորագրեալները, տարագրուած հայութիւնը պաշտպանելու, ապահովելու անոր գոյութեան հիմնասիւները, զայն համալրելով այն բոլոր կարելիութիւններով, որոնք անոր կուտային կենդանութեան ու տոկունութեան լիցք ու շունչ, մինչեւ որ, օր մը, պատմական հայրենիքը զիրենք կ’ընդունի իր ծոցին մէջ:

Ցնորք թէ ոչ, ասիկա՛ էր այդ «խենդ»երուն ամբողջ երազանքը եւ էութիւնը, առանց որեւէ վարանումի ու տատանումի, որուն համար պատրաստ էին լիովին պայքարելու ու դիմագրաւելու այն դժուարութիւնները, որոնք իրենց առջեւ կը ցցուցէին:

Ասիկա՛ էր այն կամքը ու վճիռը, որ իրենց սերունդին համար դարձած էր պայքարի թիրախ ու հորիզոն, հասնելու համար անհասնալեիութեան ու անհասանելիին:

***

Ինչո՞ւ այս գրառումներն ու խոհերը:

Միթէ պարզ չէ՞, որ եթէ Սփիւռքը, ակամայ, կրցաւ հայութեան ինքնութիւնը, գոյատեւումը ու համատարած կենդանութիւնը պահել, իր բազմաբեղուն, բազմագոյն ու բազմաձեւ երակներով, ատոնք փաստ չէի՞ն, որ ան Փիւնիկեան ծնունդ մը ունեցաւ, ուր քանի մը սերունդներ կազմուեցան, խմորուեցան ու հասունցան, ժառանգաւորուեցան եւ յաջողագրուեցան, Սփիւռքը պահելու այնքան տաք ու ջերմ, որ երաշխաւորուած ըլլայ անոր կանգուն, անսասան եւ աներեր մնալու ապահովութիւնը, Հայ Դատին անժամանցելիութիւնը եւ անոր հետապնդելութիւնը առանց շրջանցելու:

Յաջողեցա՞ն երէց սերունդի այդ ներկայացուցիչները, որոնք տառապանքի, գոյակռիւի, պայքարի, յարատեւման ու վերածնունդի «նշխար» էին, անտարակոյս, այո՛, որովհետեւ, այն ինչ որ կը տեսնենք, կը զգանք ու կ’ապրինք ամենուր, ատոնց լուսաւոր պատկերներն են, հոգ չէ թէ, կարգ մը պարագաներու ու շրջաններու մէջ, անոնք մերթ մթագնեցան, մերթ լուսանցքուեցան, բայց, վերջին հաշուով, անոնք մնացին «լուսաւորող կանթեղ»ներ, իրենց լոյսով ու ճառագայթով, որովհետեւ անոնց ընդմէջէն կը փայլատակէր յոյսի ու վստահութեան ցոլքը, որքան ալ անոնք ըլլան երբեմն տժգոյն, բայց, միշտ յուսատու:

Այսօր, այդ երախտաշատ եւ շնորհապարտ սերունդներու ներկայացուցիչները չկան, մեկնած են այս աշխարհէն, բայց անոնք ԿԵՆԴԱՆԻ են իրենց գործերով, կտակով ու ժառանգով, որ հայութեան «մնացորդաց»ին «հուրն ու բոյրը» կը յուշեն, շարունակելու երթը, հաւատարիմ մնալու ուխտին ու երբեք չմոռնալու «ցեղին եւ արեան կանչ»ը:

Պատահական չէ որ, բնա՛ւ այդ երաշխտաւորները, ո՛չ միայն չեն մոռցուիր, այլեւ՝ առիթէ առիթ կը յիշուին, իրենց զգայացունց ներդրումներով, դերակատարութիւններով եւ առաջնորդութիւններով:

Այդուհանդերձ, եթէ անաչառութեամբ պիտի խօսուի, այնքան ալ արդար պիտի չըլլար, ըսել կամ յայտարարել, որ այդ անուանի սերնդակիցներէն շատերը վայելած են ու (կը վայելեն) համապատասխան արձագանգ, անշուշտ, պատճառները հոս թուելու պէտք չկայ, ոչ ալ անդարդառնալու անոնց, որովհետեւ ատոնք բոլորովին այդ թղթածրարի մը քննութեան կը կարօտին:

Հիմնահարցը այն է, որ գնահատումը կամ արժեւորումը, ինչպէ՞ս կը բնորոշուի, ո՞ւր կը ձեւաւորուի, ապա, ի՞նչ հիմունքներով կը գնահատուի (կամ… կ’անտեսուի), այնքան ատեն որ՝ քմահաճութեան, կողմնակալութեան, անտեսութեան եւ կարճատեսութեան սլաքները միշտ առկայ են:

Մինչեւ 70ական թուականներու սկիզբը, ամէն ինչ «նորմալ» ըլլալու ու դառնալու ընթացքին մէջ էր, հայապահպանումի կռուաններու ամրագրումով, բայց, մանաւանդ զանոնք կենսատու, կենսախինդ ու կենսալի պահող ջերմապահ գործօններով, որոնց մէջ, շնորհակալ, երախտաշատ ու նուիրեալ դերակատարութիւն ու ներգործութիւն ունէին, յատկապէս մտաւորականները, իրենց գաղափարական, կրթական, կազմակերպչական, գրական, ստեղծագործական, ազգային, մշակութային, առաջնորդական ու ղեկավարական մասնակցութիւններով:

Ամէն ինչ, համարեա հեզասահ ու ձեռնհաս ընթացքի մէջ էր, նախանձելի ըլլալու աստիճան, իսկ Լիբանանը անոնց մէջ կը փայլէր իր լուսաւորութեամբ, հրաշագեղութեամբ, կազմակերպչականութեամբ ու համաչափութեամբ, ոչ միայն իր ներհայկական չափանիշներով դառնալով իւրայատուկ աղբիւր մը՝ հայկականութեան, հայապահպանութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգակառչածութեան, այլեւ՝ «բաժին» հանելով նաեւ այլ եղբայրական համայնքներուն ու գաղութներուն:

Լիբանանահայութիւնը ողնածուծն էր այն տեսլապաշտներուն եւ իրատեսներուն, որոնք գիտէին ինչպէ՞ս տնօրինել ու կարգադրել, կազմակերպել ու շնորհապահել իրենց «հօտ»ներն ու «օճախ»ները եւ իրօք, լաւագոյնս կրցան դրսեւորել իրենց արժանիքներն ու նպաստները, յօգուտ իրենց ազգային կարիքներուն ու պահանջքներուն, հրամայականներուն եւ առաջադրանքներուն:

Այժմ, այդ մեծամեծները՝ կուսակցական, ղեկավարական, մտաւորական, գործիչ, կրթական մշակ եւ այլ երախտաւորներ, իրենց ետին ձգելով հսկայական պաշար, հարուստ փորձագիտութիւն, ուսանելի ռազմավարութեան, օրինակելի ազգայնականութեան, գործնապաշտ դաստիարակութեան, առողջ սերնդափոխութեան, վառ ջահակրութեան բեղմնաւոր ժառանգութիւնը, մեկնած են այս անցաւոր աշխարհէն, թերեւս այն յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ իրենց յաջորդները կը մնան հաւատարիմ իրենց ազգային հաւատամքներուն, որովհետեւ՝ հոն է որ կը կերտուի ու կը պահպանուի հայութեան գոյութեան ու կենդանութեան արեւելումի ուղին:

Իրաւունք ունէին այդ բազմագիտակ, բազմահունչ ու բազմամէտ ազգային աւագանիները, միայն այդ սրընթացով տեսնելու եւ ապահովելու տարագրուած հայութեան պատնէշներու վրայ մնալու սրբազան առանձնայատկութիւնը:

Ճիշդ էին այդ փաղանգները, իրենց իրատեսական եւ ազգամեծարական հաւատամքներով, հետեւաբար, այդ սկզբունքներով ալ դաստիարակեցին ու կոփեցին իրերայաջորդ սերունդներ, որոնք իւրաքանչիւրը, իր կարողութեամբ ու կարելիութեամբ, հմտութեամբ ու գործնականութեամբ, ձեռնահասութեամբ եւ անմիջականութեամբ, պատրաստ էր շարունակել այն երթը, որ յետեղեռնեան սերունդին վստահուած էր, զայն փոխանցելով իր յաջորդներուն:

Այդ աւանդը, աներկբայօրէ՛ն, իր հետքերը ձգեց նաեւ յաջորդ սերունդներուն վրայ, որոնք նոյն հաւատքով ու կամքով, համոզմունքով ու կիրքով, կառչած մնացին, մէկ կողմէն՝ իրենց ազգային արմատներուն հարազատ կրողը դառնալու եւ անոր հետեւորդը դառնալու, միւս կողմէն անշեղօրէն շարունակելու նպատակաշէն երթը, իր ազգաշունչ ու հայրենանուէր ճառագայթումով:

Անշուշտ, մօտիկ երէկուան եւ այսօրուան պատկերները երբեք նոյնը չեն, քանի որ շատ բան փոխուած է, յեղաշրջուած, այլասերած ու ստուերացած, այս ակմ այն պատճառներով, բայց, յստակ եւ աչքառու անխուսափելիութեամբ:

Որքան հպարտութիւն եւ արժանապատուութիւն է, որ այդ երախտաւորները ունեցան իրենց յաջորդները, նոյնիսկ ժառանգորդները, որոնք եղան երեւելիները իրենց նախորդներուն, արժանաւորապէս որդեգրելով անոնց ժառանգը:

***

Այսօրուան դրութեամբ, երբ ակնարկ նետենք, որ մեր հարուստ, բազմաբեղուն եւ ակնառու մտաւորականներէն ի՞նչ մնացած է, որուն նկատմամբ անհրաժեշտ է ցուցաբերել համապատասխան յարգանք  ու վերաբերմունք, երբ, մեղմ ըսած, բոլորին մօտ յուսահատութիւն կը տիրէ, տխրութիւն կը պատէ:

Հարցադրումը դիպուկ ու տեղին կրնայ ըլլալ, բայց, ատիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի, երբ հրապարակի վրայ մնացած մտաւորականները (իրենց զանազան պատկանելիութիւններով, դերերով, մակարդակներով, արժանապատութիւններով ու հեղինակութիւններով), չեն արժանանար համապատասխան գնահատանքի, վարկանիշի եւ պերճախօս ուշադրութեան, բարձր ու վայել պահելու համար անոնց վաստակին, նպաստին ու դերին մեծութիւնը հայ իրականութեան մէջ:

Յստակացնե՞նք.

Երէց սերունդի յաջորդական ներկայացուցիչները (որոնցմէ հազուագիւտ մաս մը հրապարակի վրայ է), որոնք ոչ միայն շարունակեցին ազգային գծուած ուղիին արահետը, այլեւ՝ նոր ակօսներով եւ բեւեռներով զայն բերքաւորեցին, ամենայն հարազատութեամբ, շարունակականութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ, միշտ լուսապայծառութեան հեռանկարներով:

Հարցադրումը, այս առիթով, որ ինքզինք կը պարտադրէ, հետեւեալն է.

Այսօր կա՞ն վաստակաւոր ու հեղինակաւոր տարրեր, որոնք ազգային գետնի վրայ կը գրաւեն նոյնքան արժանաւոր դերեր, ունին զգալի ներդրումներ, կը փայլին իրենց հեղինակութիւններով, արժանացած են բազմաթիւ տիտղոսներու, բայց, այդ բոլորը գնահատողներ կա՞ն արդեօք:

Ինչպէ՞ս բացատրել այս այլամերժութիւնը, երբ «կենդանի» մտաւորականները (դարձեալ իրենց զանազան պատկանելիութիւններով) կը մնան «անտէր-անտիրական», թէ իրենց վաստակին ու հանգամանքներուն արժեւորութիւնը ու վարձատրութիւնը ո՞վ պիտի կատարէ կամ ինչպէ՞ս պիտի հատուցուի կամ ուրկէ՞ պիտի մեծարուի (հարցը միայն հատուցումին հետ առընչուած չէ):

Անգամի մը համար (ոչ միայն) շրջապատը նայիլ ու տեսնել, թէ առնուազն, բազմատարիներու առաքելութիւն ու յարգելիութիւն վայելող անուանիները, այսօր, ո՞ւր պատուըուած են եւ ո՞ւր մեծարուած (շատ հազուադէպ պարագաները բացառելով):

Նախորդ արժանաւորները մեկնեցան, հիմակուաններն ալ սկսած են պակսիլ, ո՞վ պիտի յիշէ, վերյիշէ զանոնք, որոնք «բան» մըն էին, «բան» մը կը ներկայացնէին, իսկ այսօր, հոս չեն, կամ վաղը երբեք հոս պիտի չըլլան:

Հետաքրքրական է չէ՞. անոնք յետ մահու թէ՞ առ կենդանութեան կը գնահատուէին…:

 

(Պէյրութ)

Պարոյր Յ. Աղպաշեան