Թուրքիոյ Իմրալ կղզիի բանտը ցմահ ազատազրկման դատապարտուած PKK–ի առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալան կրնայ մինչեւ 2024-ի 15 Փետրուարը ազատ արձակուիլ։
Թրքական Korkusuz պարբերականի լրագրող՝ Ահմէտ Թաքան անդրադարձած է Ապտուլլահ Օճալանի փաստաբանի վերջին յայտարարութեան եւ կարծիք յայտնած, որ Օճալանի ազատ արձակումը շատ հաւանական է։
Ըստ Ահմէտ Թաքանին՝ Օճալանը ազատ արձակելու հիմքերն են նախապէս ՄԻԵԴ—ի կայացուցած որոշումները, ըստ որու 25 տարի յետոյ որոշակի պայմաններով ան կրնայ ազատ արձակուիլ։
Թուրք լրագրողի կարծիքով՝ հաշուի առնելով, որ Օճալան կալանքի տակ կը գտնուի 1999 թուականի Փետրուարէն, 2024-ին կը լրանայ 25 տարին։ «Եթէ Թուրքիան չկատարէ ՄԻԵԴ–ի որոշումները, այդ կրնայ ԵՄ–ի կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ բերէ»,–նշած է թուրք լրագրողը։