image

Օսմանցիներու, իմա՝ թուրքերու կողմէ իրագործուած ջարդեր,ցեղասպանութիւններ

Օսմանցիներու, իմա՝ թուրքերու կողմէ  իրագործուած  ջարդեր,ցեղասպանութիւններ

16-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը Օսմանցիները մարդկութեան պատմութեան մէջ բազմաթիւ ջարդեր, ցեղասպանութիւններ գործած են:

Այստեղ կը թուեմ մի քանին, որպէսզի մէկ կողմէ անոնք որոնք կ'ըսեն, թէ՝ «ի՞նչ կայ որ, թուրքերուն հետ կրնանք ապրիլ», «Խորհրդային տարիներու ընթացքին ինչպէս ապրած ենք անոնց հետ, հիմա ալ կրնան ապրիլ», միւս կողմէ ներկայի իշխանութիւնները որոնք այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» մունետիկներ կը կարծեն իրենք զիրեն ու խաղաղութիւն կը մուրան թուրքէն, անգամ մը աչքէ անցընեն ներքոնշեալ պատմական փաստերը եւ պահ մը գոնէ ամօթ զգան ու ամչնան…

Այսպէս.

1. Բլուրի ջարդը. Մարդկային պատմութեան ամէնէն զազրելի ջարդերէն մէկը: 1516-ին, օսմանցիները Հալէպ մէջ գործած են այս ջարդը, որու զոհ գացած են շուրջ 90.000 մարդ, արուներ, կիներ ու երեխաներ: Բլուր կոչուած է, որովհետեւ մարդիկը ջարդելէ ետք, գլխատած են զանոնք ու անոնց գլուխները հրապարակի մը մէջ հաւաքելով՝ հսկայ բլուր մը կազմած են:

2. Գահիրէի ջարդը. Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած է այս ջարդը, 1517-ին, որու զոհ գացած է 10.000 շարքային եգիպտացիներ:

3. Կոստանդնուպոլսոյ ջարդը. Ներկայի Ստանպուլը: 1821-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հաւաքական մահապատիժներ գործադրուած են կաղախաններու վրայ՝ քրիստոնեայ յոյներու դէմ, նպատակ ունենալով ճնշել ծագած յունական յեղափոխութիւնը Փելոփոնիս թերակղզիին մէջ: Այդ մահապատիժներու ընթացքին նաեւ կաղախան բարձրացուցած են Կոստանդնուպոլսոյ Ուղղափառ Պատրիարք՝ Գրիգոր Հինգերորդը, որպէսզի այդպիսով նաեւ ազդեն յեղափոխութեան վրայ: Կաղախան բարձրացնելէ ետք, երեք օր անոր մարմինը կախած պահած են, ապա վարձկան հրեաներու միջոցաւ իջեցուցած են զայն կախաղանէն, Կոստանդուպոլսոյ փողոցներուն մէջ քարշ տուած են ու ապա ծովը նետած են: Պատրիարքին մարմինը սակայն ծովուն մէջ եղող յունական նաւ մը կրցած է հանել մարմինէն ու տարած են զայն Ռուսաստան՝ Օտեսա, ուր եւ ամփոփած են պատրիարքին մարմինը: Յոյն եկեղեցին նոյն տարին՝ 1821-ին սրբացուցած է Գրիգոր Հինգերորդ Պատրիարքը:

4. Քարպալայի ջարդը. Քարպալան Իրաքի մէջ քաղաք մըն է: 1842-ին օսմանցիները այնտեղ իրարգործած են այս ջարդը, որու զոհ գացած են 10.000 աւելի մարդիկ:

5. Ճատտէի քրիստոնեաներու ջարդը. Սէուտական Արաբիոյ քաղաքներէն մին: 1858-ին օսմանցիները բազամթիւ քրիստոնեայ վաճառականներ ու օտարերկրացիներ ջարդած են: Սպաննած են նաեւ Ֆրանսայի հիւպատոսին կինը:

6. Համիտեան ջարդեր. Տեղի ունեցած են 1895-1896 տարիներուն, որոնց զոհ գացած են աւելի քան 300.000 հայեր: 

7. Յոներու ցեղասպանութիւնը. Տեղի ունեցած է 1914-1922-ի ընթացքին, Անատոլի մէջ: Այս տարիներու ընթացքին օսմանցիները աքսորած են բազմաթիւ յոյներ, քանդած են քրիստոնէական պատմական, մշակութային ու կրօնական բազմաթիւ շինութիւններ ու կոթողներ: Այս ցեղասպանութեան զոհ գացած են շուրջ 750.000 յոյներ:

8. Սաֆարպարլէքի ողբերգութիւնը. Սաֆարպարլէք կոչուած է Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի սկիզբին՝ 1914-ին, Մուհամմատ Րաշատ Սուլթանի հռչակագիրը, որով Օսմանեան Կայսրութեան ենթակայ բոլոր քաղաքացիները, որոնց տարիքը 15-45-ի միջեւ էին զինուորագրուելու Օսմանեան Կայսրութեան Բանակին: Այս հռչակագիրին պատճառով բազմահազար հայեր, յոյներ, ասորիներ, արաբներ կոտորուած են: Արաբական աշխարհի մէջ այս ողբերգութեան ամէնէն ցայտուն օրինակը Սէուտական Արաբիոյ Մետինա քաղաքի բնակիչներու ստիպողական աքսորումն է Օսմանցիներու կողմէ, ինչպէս նաեւ Մարգարէի Մզկիթը (Ալ Մասճէտ Ալ Նապաուի) զինուորական զօրանոցի վերածած են, կողոպտած են արժէքաւոր հնութիւնները եւ ոչնչացուցած են այնտեղ եղող բոլոր փաստաթուղթերը:

9. Սէֆոյի ջարդերը. Տեղի ունեցած են 1915-ին ասորիներուն դէմ: Այս ջարդերուն զոհ գացած են շուրջ 500.000 ասորի քրիստոնաներ:

10. Ատանայի ջարդը. Տեղի ունեցած է 1909-ին, որու զոհ գացած են աւելի քան 30.000 հայեր:

11. Հայոց Ցեղասպանութիւն. 20-րդ դարու մեծագոյն աղէտը, որու զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր: 

Յ.Գ. 1. Վերը թուարկուածներու կողքին հետաքրքրուղները կրնան համացանցի վրայ փնտռել ու կարդալ՝

ա. Օսմանցիներուն եւ ապա անոնց ժառանգներուն քիւրտերուն նկատմամաբ գործադրած հաւաքական տեղահանումները, սպանդները եւ մնայուն հակամարտութիւնները, որ մինչեւ օրս կը շարունակուին տակաւին:

բ. 1914-1918 տարիներուն օսմանցիներու կողմէ գործադրուած Լեռնալիբանանի սովը: Այս մասին լիբանանցի նշանաւոր գրող Ճպրան Խալիլ Ճպրան ամերիկացի միսիոնարուհի Մէյրի Հասքէլին այսպէս կը գրէ. «Լեռնալիբանանի սովը ծրագրուած ու գործադրուած է թրքական կառավարութեան կողմէ: Արդէն 80 հազար մարդ սովամահ դարձած է, եւ իւրաքանչիւր օր հազարաւոր մարդիկ սովամահ կը դառնան: Նոյն արարքը գործադրուեցաւ քրիստոնեայ հայերուն դէմ եւ նմանատիպը այժմ կը կիրարկուի Լեռնալիբանանի քրիստոնեաներուն դէմ»:

գ. Սուրիոյ վերջին տագնապի սկիզբէն՝ 2011-էն մինչ օրերս Սուրիոյ ուղղակիօրէն կամ զինեալ ահաբեկիչներու միջոցով գործադարած բազմաթիւ խժդժութիւններու մասին:

դ. 2016 Ապրիլին, 2020 Սեպտեմբերին եւ 2023 Սեպտեմբերին Արցախի իրադարձութիւններու մէջ Թուրքիոյ ունեցած անմիջական միջամտութեան մասին: 

Յ.Գ. 2. Վերը տրուած տեղեկութիւնները պատմաբանի կամ մասնագէտի մը կողմէ պատրաստուած տուեալներ չեն, այնպէս որ եթէ թուականներու կամ տուեալներու սխալներ նշմարուին, ընթերցողներու ներողամտութիւնը կը հայցեմ:

Յ.Գ. 3. Մեր՝ հայերուս առնչուած ողբերգութիւնները պատմական տուեալ որպէս ներկայացուցած եմ, որովհետեւ դժբախտաբար ներկայ օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատեր մոռցած են կամ ընդհանրապէս չեն իմացած մեր պատմութիւնը եւ կամ պատմութեան ընթացքին մեր ունեցած ողբերգութիւնները:

Պատրաստեց՝
Վարանդ Քորթմոսեան

5 Հոկտեմբեր 2023

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան։ Ծնած է Սուրիա, Քես...