image

Օրհասական պահ է. Պարգեւ սրբազանը եւ այլ հայեր բողոքի ցոյց կ'ընեն Ատամ Շիֆի գրասենեակի մօտ

Օրհասական պահ է. Պարգեւ սրբազանը եւ այլ հայեր բողոքի ցոյց կ'ընեն Ատամ Շիֆի գրասենեակի մօտ

Ամերիկահայերը Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսական Ատամ Շիֆի գրասենեակի մօտ բողոքի ցոյց կ'ընեն յանուն Արցախի։ Ցոյցին կը մասնակցի նաեւ Արցախի թեմի նախկին առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի բուժման նպատակով։

«Յաջողութեան հասնում է նա, ով պայքարում է։ Եթէ մենք չպայքարէինք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, ոչ ոք չէր ճանաչի։ Եթէ մենք ժամանակին չպայքարէինք Արցախի ժողովրդի իրաւունքի, անկախութեան համար, մենք ոչինչ չէինք ունենայ։ Հիմա օրհասական պահ է, ամբողջ հայութիւնը պէտք է ոտքի կանգնի»,– նշած է Պարգեւ սրբազանը։

Անոր խօսքով` պէտք է պայքարիլ ամէն հնարաւոր ձեւով, որ Արցախն իրեն մինակ չզգայ։

Ցոյցի մասնակիցները պաստառներով եկած են, որոնց վրայ գրուած է. «Դադրեցուցէ՛ք Արցախի շրջափակումը», «Կանգնեցուցէ՛ք Ատրպէյճանին», «Հայերը կը ցեղասպանուին ատրպէյճանական օրէնքներու պատճառով», «Դադրեցուցէ՛ք Հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը»։ Անոնք պաստառները փակցուցած են Շիֆի գրասենեակի դռներուն ու պատուհաններուն։

Ցոյցի մասնակիցներէն մէկը շեշտած է, որ իրենք Ատամ Շիֆէն կը պահանջեն երթալ եւ տեսնել Լաչինի միջանցքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, որ ան տեղւոյն վրայ ծանօթանայ տիրող իրավիճակին։ Ան նշած է, որ երէկուընէ սկսած են  նստացոյցը եւ այն պիտի չդադրեցնեն այնքան ժամանակ, մինչեւ Շիֆը կատարէ իրենց պահանջը։

Բողոքի ցոյցի ներկայացուցիչները կոչ կ'ընեն Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հայութեան միանալու նստացոյցին, իսկ երեկոյեան` ժամը 18։00-ին, ներկայ ըլլալ Պըրպանքի մէջ կայանալիք հանրահաւաքին։