13 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումի հետեւանքով զոհուած 42–ամեայ Ալիսա Մելքոնեանը ապրիլեան պատերազմին զոհուած՝ Գագիկ Մելքոնեանի քոյրն էր։ Ան պայմանագրային զինծառայող էր, կը ծառայէր Գեղարքունիքի զօրամասերէն մէկուն մէջ։
Հարազատները պատմած են, որ Ալիսան Գեղարքունիքի մարզի Զոլաքար գիւղէն էր, ծառայութեան անցած էր 2016–ին՝ եղբօր նահատակուելէն յետոյ։ Ալիսան եւս մէկ եղբայր ունի, որ հաշմանդամութիւն ունի։
Յիշեցնենք, որ Գագիկ Մելքոնեան զոհուած է քառօրեայ պատերազմի ժամանակ Թալիշ։ Ենթասպայ Գագիկ Մելքոնեան մարտական ընկերները փրկելու համար իր վրայ ընդունած էր թշնամիի հարուածները՝ միայնակ կանգնելով հակառակորդի դիմաց: