ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ դեռ տեղեկութիւն չկայ Հայաստանի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասի երկու զինծառայողի՝ Արամայիս Տոռոզեանի եւ Արթուր Նալպանտեանի վերաբերեալ, որոնց հետ կապը կորսուած էր 14 Յուլիսին:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ անոնց մասին դեռ տեղեկութիւն չկայ:
«Ցաւօք, դեռ որեւէ տեղեկութիւն չունենք: Ամենօրեայ ռեժիմով իրականացուում են որոնողական աշխատանքներ»,- նշած են ՀՀ ՊՆ-էն:
Յիշեցնենք, որ 14 Յուլիսի լուսադէմին, մառախուղի պայմաններու մէջ, ամրակցուած զինուորական մեքենայով ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին կորած է կապը Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ՀՀ ԶՈւ N զօրամասի զինծառայող Արթուր Նալպանտեանի եւ վարորդ Արամայիս Տոռոզեանի հետ։
Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի զինուժի ներկայացուցիչներու հետ կը քննարկուի զինծառայողներու ատրպէյճանական տարածքին մէջ յայտնուելու հաւանականութիւնը: Արթուր Նալպանտեանը եւ վարորդ Արամայիս Տոռոզեանը եղած են առանց զէնքի: