Ռուսիոյ Դաշնութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը ռուսաստանցի գործարար Ռուբէն Թաթուլեանի՝ Ռոբսոն մականունով, նկատմամբ հետախուզում յայտարարած է։ Այս մասին յայտնած է «112» թելեկրամեան ալիքը։
Ինչպէս յայտնած է Lenta.ru, այդ կրնայ ըլլալ պայմանաւորուած այն հանգամանքով, որ Թաթուլեան Քուպանի խոշորագոյն կազմակերպուած յանցաւոր խմբաւորման ղեկավարը եղած է եւ մասնակցած է Սոչիի բնակելի շէնքերու եւ առեւտուրի կեդրոններու կառուցման ժամանակ խարդախ յատակագիծերու իրականացման՝ տեղւոյն կառուցապատողներու օգնութեամբ։ Այժմ ուժայինները կը պարզեն ձեռներեցի գտնուելու վայրը։ Ենթադրաբար ան կը գտնուի արտերկիր։ Ան ունի դիւանագիտական անձնագիր, որ ստացած է Ապխազիայէն 2022 թուականին։
Թաթուլեան եւ անոր գործընկեր Անդրոնիկ Մումճեան սեպտեմբերին խուզարկուած են կողոպուտի մասին գործով։ Այդ պահուն անոնք արդէն Ռուսիա չէին։ 2017 թուականին Թաթուլեան ընդգրկուած է Միացեալ Նահանգներու գանձապետարանի կողմէ պատժամիջոցներու ցանկին մէջ՝ «Օրէնքով գողեր» կազմակերպութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս։