Միացեալ Նահանգներ- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Յառաջիկայ Երկուշաբթի օր Օպամա- Փութին կայանալիք հանդիպումը կը համարուի կարեւոր յատկապէս Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ: Այս մասին գրած է Լոնտոնի «Ալ Հայաթ»ը, որ նոյնպէս կը փոխանցէ, թէ երկար ժամանակէ ի վեր յետաձգուած հանդիպման ընթացքին գլխաւոր օրակարգ պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ տագնապը: Թերթը նաեւ կը գրէ, որ անցնող օրերուն երկու կողմերէն մեղադրանքներ կը հնչեն սոյն հանդիպման առաջարկին վերաբերել նշելով, թէ մինչ ամերիկացիք կը յայտնեն, թէ երկու գեր ղեկավարներու միջեւ «շտապ հանդիպման» առաջարկը կատարած է Մոսկուան անդին, ռուսական կողմը բացայայտ կերպով կը յայտնէ, որ Փութին-Օպամա հանդիպումը պիտի կայացուի ամերիկեան կողմին առաջարկով: Այլ աղբիւրներ կը յայտնեն նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատմիր Փութին կարեւոր առաջարկ մը պիտի ներկայացնէ Օպամային: Ան պիտի յայտնէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաստ է «Ազգային միասնութեան կառավարութիւն» մը կառավարութիւն մը կազմել, որուն կազմին մէջ պիտի ըլլան 25 ընդդիմադիր ներկայացուցիչներ: Յիշեցնենք, որ Յունիս 2013-էն ի վեր երկու առաջնորդները չեն հանդիպած: