image

Օդի ջերմաստիճանը պիտի չփոխուի. շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ

Օդի ջերմաստիճանը պիտի չփոխուի. շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ

Երեւան քաղաքի մէջ՝ սեպտեմբեր 21-ի ցերեկը, 22-24-ին՝ ժամանակ առ ժամանակ, կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ։ Ամպրոպի ժամանակ նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 18-21 մ/վ արագութեամբ։ Սեպտեմբեր 25-26-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։

Հանրապետութեան տարածքին՝

Սեպտեմբեր 21-ի ցերեկը, 22-24-ին՝ ժամանակ առ ժամանակ, շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ կը տեղայ կարկուտ։ Սեպտեմբեր 21-ի ցերեկը, 22-23-ին առանձին վայրերու մէջ անձրեւները կ՚ըլլան զօրաւոր։ Առանձին վայրերու մէջ կը սպասուի նաեւ մառախուղ։ Սեպտեմբեր 25-26-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Քամին՝ արեւմտեան՝ 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում 18-22մ/վ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը էապէս չի փոխուիր։