image

Նոյնիսկ Ուքրանիոյ տագնապի աւարտէն ետք. ՆԱԹՕ-ն պիտի շարունակէ դիմակայել՝ Ռուսիոյ

Նոյնիսկ Ուքրանիոյ տագնապի աւարտէն ետք. ՆԱԹՕ-ն պիտի շարունակէ դիմակայել՝ Ռուսիոյ

Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը պիտի շարունակէ ա Ռուսիոյ նոյնիսկ ուքրանական ճգնաժամի աւարտէն ետք։ Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն՝ ելոյթ ունենալով Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցող պաշտպանական ֆորումի ժամանակ։

«Ռուսական սպառնալիքը պիտի չաւարտի Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան աւարտով։ ՆԱԹՕ-ն պէտք է եւ պիտի շարունակէ պատրաստուիլ անոր դէմ հակազդելու»,– ըսած է ան։ Ան կոչ ուղղած է ԵՄ երկիրներուն շարունակելու մեծցնել ռազմական արտադրութիւնը եւ աւելի շատ գումար յատկացնել Եւրոպայի զինուորականացման։

Ռիւթէն շեշտած է, որ դաշինքը նաեւ մտադիր է պատրաստուիլ «Չինաստանի կողմէ սպառնալիքներուն», որ «աւելի շատ ռազմանաւեր կ՚արտադրէ, քան Միացեալ Նահանգները»։