Հալէպի ծայրամասային հատուածներուն վրայ ընթացող մարտերուն ընթացքին զոհուած է Ժանօ Գորաճեանը (20 տարեկան): Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ հալէպահայ զինուորը զոհուած է քաղաքի ծայրամասային շրջաններուն մէջ ընթացող թէժ մարտերուն ընթացքին: Մեր տիրապետած տեղեկութիւններով զոհուած հայ զինծառայողին եղբայրներէն մին, որ կը կոչուի Ռէմոն նոյնպէս կը ծառայէ Սուրիոյ բանակին մէջ: