image

Նոր տագնապ Լիբանանի համար. 60 լիբանանցիներ Միջերկրականի ջուրերուն մէջ օգնութեան կը սպասեն (Լիբանան)

Նոր տագնապ Լիբանանի համար. 60 լիբանանցիներ Միջերկրականի ջուրերուն մէջ օգնութեան կը սպասեն (Լիբանան)

 Աղբիւրը կը հաղորդէ նաեւ, որ փախստականներուն ծնողները տեւական կապի մէջ են Լիբանանի  Անվտանգութեան Գերագոյն Խորհուրդի քարտուղար զօր. Մոհամմատ Ալ Խայրին հետ, անկէ պահանջելով արագ քայլեր ձեռնարկել լուծելու համար զանոնք Իտալիա հասցնելու խնդիրը։

Երկրին մէջ առկայ տնտեսական բարդագոյն իրավիճակը լիբանանցիներուն կ՚ըստիպ կեանքի եւ մահուան թելերով անցնիլ եւ մեծ արկածախնդրութեան դիմել հասնելու համար Եւրոպական կարգ մը ափեր, ուր իրենց կարծիքով աւելի պատեհ եւ ապրելու յարմար պայմաններ պիտի գտնեն։

Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքէն ապօրինի կերպով Եւրոպա հասնելու դէպքերը նորութիւն չեն։

 Այս մասին «Արեւելք» գրած է աւելի վաղ ներկայացնելով նաեւ աղէտալի այն պատահարը, երբ տասնեակ լիբանանցիներ նաւակի մը ջրամոյն ըլլալուն հետեւանքով զոհուեցան Թրիփոլիի ափերուն։ 

Ինչ կը վերաբերի վերջին օրերուն գրանցուած պատահարի մը, ապա ըստ «Ալ Նահար»ին 60 լիբանանցիներ ապօրինի կերպով Եւրոպական ափեր հասցնել փորձող լաստանաւ մը անսարքութեան հետեւանքով մնացած է ծովու ջուրերուն մէջ։

 Կը նշուի նաեւ, որ նաւուն մէջ կան կանայք եւ անչափահասներ, իսկ անոնց կողմէ արձակուած օժանդակութեան վերաբերեալ արձակուած ճիչերը կը շարունակեն մնալ անպատասխան եւ անոնց մօտէն անցնող նաւերը անտարբեր կերպով կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը։

Ըստ նոյն աղբիւրին լաստանւը ներկայիս կը գտնուի Յունաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ եղած ծովային տարածութեան մէջ, եւ անոր մէջ եղողները կու գան Թրիփոլիի արուարձաններէն։