image

Նոր աշխարհ եւ նոր բեւեռներ.Ռուս հանրայայտ փիլիսոփայ Ալեքսանտր Տուկինի դիտարկումները

Նոր աշխարհ եւ նոր բեւեռներ.Ռուս հանրայայտ փիլիսոփայ Ալեքսանտր Տուկինի դիտարկումները

«Նախագահ Փութինի ականջին բաներ փսփսացող»ը, կամ «Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան «հոգեւոր ճարտարապետ»ը».  միջազգային մակարդակի ԶԼՄ-ներ ահա այսպիսի բնութագրումներ կը կատարեն ռուս հանրայայտ փիլիսոփայ Ալեքսանդր Տուկինին մասին, որ յաճախ հանդէս կու գայ վերլուծութիւններով փորձելով հանրութեան ներկայացնել Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան «փակ» ծալքերը։

 

 Ուշագրաւ է նաեւ, որ Տուքին վերջին տարիներուն յաճախ կը խօսի արաբական մամուլին,  փորձելով աւելի հասանելի դարձնել Մերձաւոր Արեւելքի համար մշակուած եւ ցարդ ալ մշակուող ռուսաց բարձր քաղաքականութեան մօտեցումները։

 

 Օրերս Տուկին հիւրն էր արաբական «Sky News Arabia» կայանը եւ  ալիքով ներկայացուած զրոյցին սղագրութիւնը իր շահեկանութեան համար կը ներկայացնենք՝ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն։

Նշենք, որ նիւթը  Arevelk.am-ի համար արաբերէն թարգմանեց եւ յարմարեցումներ կատարեց մեր աշխատակիցներէն՝ Թամար Գասպարեան։

 

 

-Պրն. Տուկին Ուքրանիոյ հակամարտութեան ֆոնին, խօսած էք որ յաղթանակը ստոյգ է Արեւմուտքին դէմ: Ինչի հիման վրայ ըսած էք այդ: 

Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնը Ռուսիոյ համար պարզապէս տեղական հակամարտութիւն մը չէ, որ հետեւանքներ պիտի ձգէ սովորական այլ տեղական հակամարտութիւններու պէս: Ռուսաստան սեղանին դրած է իր բոլոր խաղաքարտերը դիմակայելու Արեւմուտքի բացարձակ գերիշխանութիւնը, Ռուսաստան կամ պիտի յաղթէ եւ կամ ոչնչացուի, ուրիշ ելք չկայ: Արեւմուտքը հարցը ուրիշ տեսանկիւնէ կը դիտէ, ան կը կարծէ, որ կրնայ պահել Ուքրանիան իր վերահսկողութեան տակ: Արեւմուտքը ինքզինք փակուղիի առջեւ չի տեսներ, հակառակ Ռուսիոյ, որ Արեւմուտքի կեցուածքներուն պատճառաւ յայտնուեցաւ փակուղիի մէջ: Կարելի է ըսել, որ Ուքրանիոյ ռազմական գործողութեամբ, Ռուսաստան այրեց բոլոր կամուրջները, այլեւս ետ դարձ չկայ, եւ այլընտրանք չկայ բացի յաղթանակէ:

- Ըստ ձեզի, ի՞նչ են յաղթանակի չափանիշները:

Որպէս վերլուծաբան, նկատի առնելով Ուքրանիոյ ռազմական գործողութեան նպատակները՝ ազատագրել Ուքրանիոյ կողմէ բռնագրաւուած ազգային տարածքները, արմատախիլ ընել նացիզմը, ճանչնալ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը, հաստատել Ռուսական վարչակազմ Խէրսոնի մէջ, կարելի է ըսել թէ կան երկու տեսակի յաղթանակներ՝ մեծ եւ փոքր: 

Փոքր յաղթանակը կը սկսի ազատագրելով Ուքրանիոյ բռնակցուած ռուսական տարածքները, այդ բաւական երկար ժամանակ պիտի պահանջէ, բայց կարելիութիւն պիտի ստեղծէ ազատագրելու Օտեսայէն  մինչեւ Խարքով: Այս ազատագրումները փոքր յաղթանակ կը նկատուին, որովհետեւ Ուքրանիոյ մէջ նացիստական ռեժիմի գոյատեւումը կը նշանակէ նոր պատերազմ ապագային, քանի որ Արեւմտեան Ուքրանիան անմիջապէս պիտի միանայ ՆԱԹՕ-ին: 

Իսկ մեծ յաղթանակը այն է, երբ ամբողջ Ուքրանիան ազատագրուի, որովհետեւ այն ատեն պիտի ունենանք նոր Ուքրանիա մը, որ կարելի է կցել Ռուսիոյ: 

- Կը կարծէ՞ք, որ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ն պիտի դիտեն եւ թոյլ տան, որ Ռուսաստան իրականութիւն դարձնէ ձեր նշած յաղթանակը:

Անշուշտ անոնք պիտի չբաւարարուին դիտելով: Արեւմուտքը ներգրաւուած է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան մէջ անսահման կերպով եւ անշուշտ աջակցելով Քիեւին: Նաեւ ՆԱԹՕ-ն ուժգնօրէն կ'աջակցի Քիեւին, հետեւաբար յառաջիկայ մագլցումը պիտի ըլլայ ուղիղ առճակատում ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ։ Այսինքն բոլոր ռազմական գործողութիւնները պիտի բարձրացուին միջուկային առճակատման մակարդակի: Այս առումով Ռուսաստան պատրաստ է այս սենարին, բայց արդեօք Արեւմուտքը պատրաստ է՞ միջուկային առճակատման, որ պիտի յանգեցնէ աշխարհի ու մարդկութեան ոչնչացման: Արեւմուտքի վիճակը այնքան ալ ճգնաժամային չէ այս փուլին, ան կրնայ շարունակել իր աջակցութիւնը Ուքրանիոյ եւ ամէն ձեւով փորձել երկարաձգել հակամարտութիւնը, եւ մեկուսացնել Ռուսաստան: Ես կը կարծեմ, որ Արեւմուտքը չ'անցնիր միջուկային պատերազմի փուլին հետեւաբար պիտի աշխատի թոյլ չտալ Ռուսիոյ, որ յաղթանակ տանի: 

- Արդեօ՞ք ձեր խօսքէն պէտք է հասկնալ, որ եթէ Ռուսաստան յաղթանակ չտարաւ ռազմական սովորական զէնքերով, կրնայ դիմել միջուկային զէնքի: 

Ոչ, ես այս իմաստը երբեք նկատի չունէի: Կ'ուզեմ շեշտել, որ Ռուսաստան պիտի օգտագործէ աւանդական զէնքերը իրագործելու իր յայտարարած նպատակները: Մոսկուան միջուկային զէնքի չի դիմեր այս գործողութեան ընթացքին, բայց եթէ Ամերիկան կամ ՆԱԹՕ-ն ուղղակիօրէն միջամտեն, օգտագործելով իրենց հրթիռները ու հարուածեն ռուսական թիրախները, այն ատեն հարցը պիտի վերածուի միջուկային առճակատման, եւ միայն այս պայմաններու տակ Ռուսաստան թերեւս դիմէ միջուկային զէնքի։ Ներկայիս յաղթանակը պէտք է տարուի սովորական զէնքերով եւ զայն միջուկային առճակատման վերածելու որոշումը Ռուսիոյ ձեռքը չէ, այլ Ուաշինկթընի ու ՆԱԹՕ-ի, այսինքն երկու միջուկային զէնքեր ունեցող երկիրներու միջեւ պատերազմ ստեղծելու որոշում կայացնողը Ռուսաստան պիտի չըլլայ: 

- Դուք կոչ ուղղած էք վերադարձնելու եւրոպական սահմանները նախքան Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի սահմաններուն: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: 

Ես երբեք կոչ չեմ ուղղած սահմաններու փոփոխութեան: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն առաջ, այդ սահմանները բոլորովին տարբեր էին այսօրուայ սահմաններէն: Ես համոզուած եմ, որ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Պէլառուսիոյ ժողովուրդները, պէտք է ապրին քաղաքական եւ աշխարհագրական միասնականութեամբ: Արեւմուտքը շահագործեց մեր երբեմնի տկարութիւնը եւ պառակտեց մեր պատմական միասնականութիւնը եւ եղբայրական կապերը: Մեր նախագահը կոչ կ'ուղղէ, որ իրավիճակը վերադառնայ ինչպէս որ էր 1997-էն առաջ: Այսինքն կը մերժէ արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու անդամակցիլը ՆԱԹՕ-ի: Ճիշդ է, որ այս դժուար պահանջ է, բայց բանակցութիւններով կարելի էր լուծել: Նախկին Սովետական Միութեան տարածքը պէտք է կամ չէզոք կամ Ռուսիոյ բարեկամ մնայ, բայց ոչ թշնամի: Թշնամի երկրի մը ներկայութիւնը այդ տարածքէն ներս Ռուսիոյ համար պատերազմ կը նշանակէ:

- Դուք խօսած էք նոր աշխարհի մը կերտումի մասին Ուքրանիոյ ռազմական գործողութենէն ետք: Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այս նոր աշխարհի ձեւը, ըստ ձեզի, եթէ անշուշտ ձեր ըսածը պատահի եւ Ռուսաստան յաղթանակ տանի։

 Նոր աշխարհը պիտի ըլլայ բազմաբեւեռային: Ռուսաստան խզեց տնտեսական, մշակութային, ճարտարագիտական եւ լրատուական իր յարաբերութիւնները Արեւմուտքին հետ, եւ միայն իր սեփական քաղաքակրթութիւնը ունի որպէս հիմք, Չինաստանին պէս, որ նոյն իրավիճակին մատնուած է Միացեալ Նահանգներու հետ իր լարուած յարաբերութեանց հետեւանքով։ Այսօր Ռուսաստան ու Չինաստանը կը կազմեն երկու անկախ միջազգային բեւեռներ: Կայ նաեւ Հնդկաստանը, որ չ'ուզեր մաս կազմել Ռուսաստանի դէմ կիրառուած պատժամիջոցներուն, Փաքիստանն ալ այդպէս էր, նախքան վերջին յեղաշրջումը, որուն ետեւը կանգնած է Ուաշինկթըն: Իսլամական աշխարհն ալ կրնայ օգտուիլ այս մարտահրաւէրէն, որ Ռուսաստան սկսաւ ընդդէմ Արեւմուտքին: Այն գինը, որ Ռուսաստան կը վճարէ ստեղծելու բազմաբեւեռային աշխարհ մը շատ սուղ է, բայց այս նոր համակարգը ոչ միայն մեր օգտին է, այլ նաեւ բոլոր այն երկիրներուն, որոնք կը մերժեն Արեւմուտքի գերիշխանութիւնը:

- Դուք ակնարկեցիք, որ Չինաստան անկախ է ու մեկուսացած, բայց իրականութեան մէջ, Չինաստան ունի առեւտրային ու տնտեսական յարաբերութիւններ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ, ան անջատուած չէ արեւմտեան աշխարհէն: 

Ճիշդ է, Չինաստան ունի առեւտրական գործարքներ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ, բայց անիկա որակուած է, որպէս թիւ մէկ թշնամի: Չինացիք թերեւս չեն ուզեր անջատուիլ աշխարհէն, բայց շատ լաւ գիտեն, որ արեւմտեան շուկաներէն անկախանալը անխուսափելի է, եթէ կ'ուզեն առաջանալ իրենց նուաճումներուն մէջ: Այսօր չինական բոլոր ընկերային հարթակները մեկուսացուած ու փակ են Արեւմուտքի առջեւ: Յամենայն դէպս Չինաստան համարեայ անկախ է Արեւմուտքէն եւ խելացիօրէն կ'աշխատի ձեռք բերել ամբողջական անկախութիւն, որովհետեւ գիտէ, որ փախուստ չկայ Արեւմուտքի հետ առճակատումէն, ինչպէս տեղի կ'ունենայ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Չինաստան կը պատրաստուի այդ բախումին: 

- Չինաստանի փորձի ձեւաչափը մէկ օրուայ արգասիք չէ, չինացիք այս ճամբով քալած են երկար տարիներ մինչեւ, որ հասած են այս հանգրուանին: Ռուսաստան արդեօք պատրաստ է անջատուիլ արդի աշխարհէն ու ձերբազատուիլ Արեւմուտքէն ու արեւմտեան ճարտարագիտութենէն:

Ես համաձայն եմ, որ Ռուսաստան չէ աշխատած այս ուղղութեամբ, ինչպէս Չինաստանը: Եւ այստեղ կը կայանայ մեծ առեղծուածը, ինչ որ մէկը պէտք էր դիմակայել Արեւմուտքի գերիշխանութեանը։ Չինաստան պատրաստուած էր, բայց չգնաց այդ քայլին ընդդէմ Միացեալ Նահանգներուն: Միւս կողմէ Ռուսաստան թէեւ ինքզինք պատրաստած չէր, բայց մենամարտի հրաւիրեց Ուաշինկթընը: Հակառակ Չինաստանի փորձի առաւելութիւններուն, զայն կրկնելը այնքան ալ նպատակայարմար չէ Ռուսաստանի համար, որովհետեւ չենք կրնար վերադառնալ համայնավարական համակարգին: Ռուսաստան այժմ պիտի ձգտի կերտելու իր ինքնուրոյն քաղաքակրթական ձեւաչափը:

- Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնը սկսելէն օրեր անց, կոչ ուղղեցիք նախագահ՝ Փութինին, յեղափոխութիւն կատարելու եւ փոխելու վերնախաւը: Ի՞նչ նկատի ունէիք:

Այսօր Ռուսաստանի մէջ պատկերը հետեւեալն է: Կայ ժողովուրդը, որ բոլորովին կ'աջակցի ռուսական յատուկ գործողութիւններուն Ուքրանիոյ մէջ, կ'աջակցի ամենայն գիտակցութեամբ ու համոզումով, ժողովուրդը մեծամասնութեամբ գիտէ որ մենք ենք Ճիշդը եւ Արեւմուտքը թշնամին է: Սակայն կայ 10 տոկոս մը, որ դէմ է այս ռազմական գործողութիւններուն, անոնք կ'աջակցին Արեւմուտքին եւ այս տոկոսը կը տիրապետէ երկրի տնտեսութեան մեծ մասին, անոնք կ'աղաւաղեն Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները, եւ կը հարուածեն մեր նախագահին ու ժողովուրդին կռնակէն։ Այդ պատճառով կոչ ուղղեցի նախագահ Փութինին բարեփոխութիւններ կատարելու վերնախաւին մէջ, սակայն ան ոչինչ ըրաւ, թերեւս մտածելով, որ այս հարցին կարելի է անդրադառնալ աւելի ուշ:

- Ուքրանական այս ճգնաժամը, ըստ ձեզի, կրնա՞յ ազդել Փութինի յառաջիկայ քաղաքական ասպարէզին վրայ, արդեօ՞ք նախագահ Փութին պիտի կրնայ կրկին իր թեկնածութիւնը առաջադրել նախագահական ընտրութիւններուն:

Փութին փաստեց, որ ինք անցողիկ առաջնորդ մը կամ ժամանակաւոր նախագահ մը չէ մեր երկրին համար, այլ ան իսկական առաջնորդ է, նոյնիսկ կարելի է ըսել կայսր: Անոր իշխանութեան մնալը դրական ազդակ կը համարուի երկրին ու համակարգին համար, որովհետեւ Արեւմուտքը միշտ կ'աշխատի նախագահները փոխել, եւ ընտրել անոնց, որոնք կ'ենթարկուին իրեն, եւ անոնց որոնք Արեւմուտքի աջակից վերնախաւէն են: Հետեւաբար այդ վերնախաւին հետ կապը բոլորովին կտրելու համար, պէտք է նախագահը մնայ իշխանութեան գլուխը բաւական երկար ժամանակ: 

Ճիշդ է, որ Փութինին իշխանութեան բերին 90-ականներու իշխող խմբակցութիւնները, սակայն ան անջատուեցաւ անոնցմէ ու կողմնակցեցաւ ժողովուրդին եւ պետութեան: 

Եթէ Ռուսաստան չյաղթեց Ուքրանիոյ մէջ, գոյութիւն պիտի չունենայ ոչ Ռուսաստան, ոչ Արեւմուտք, ոչ արաբական աշխարհ, ոչ ալ ուրիշ որեւէ բան, այս հարցը շատ վտանգաւոր է: Ռուսաստան Փութինին համար կրօնական առաքելութեան նման վիճակ մը կը համարուի եւ անոր դաւաճանելը ոչ միայն երկրի դաւաճանութիւն է, այլ նաեւ Աստծոյ: Փութինի համար Ռուսաստան սուրբ արժանիքներու եւ սկզբունքներու մարմնացումն է, եւ եթէ սպառնալիք կայ, որ Ռուսաստան պիտի պարտուի ու իյնայ, որպէս անկախ երկիր, ուրեմն կը նշանակէ, որ անոր պիտի յաջորդէ աշխարհի անկումը: