image

Նշանակուած է Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու նախագիծի քննարկման օր

Նշանակուած է Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու նախագիծի քննարկման օր

Երեւանի աւագանին Դեկտեմբեր 22-ին արտահերթ նիստ հրաւիրած է, որու օրակարգին մէջ է քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու հարցը: Այս մասին կը յայտնէ Երեւանի քաղաքապետարանը:

«Ղեկավարուելով «Երեւան քաղաքում տեղական ինքնակառավարման մասին» օրէնքի 40-րդ յօդուածի 1-ին եւ 4-րդ մասերով՝ 2021 թուականի Դեկտեմբերի 22-ին՝ ժամը 10:00-ին, կ'անցկացուի Երեւան քաղաքի աւագանիի նիստ՝ հետեւեալ օրակարգով. «Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու մասին» Երեւան քաղաքի աւագանու որոշման նախագիծ», ըսուած է Երեւանի քաղաքապետարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: