image

Նիւ Եորքի մէջ. Արժ.Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան Այցելեց Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարան

 Նիւ Եորքի մէջ. Արժ.Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան Այցելեց Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարան

Բնիկ Մուսալեռցի եւ մեր եկեղեցւոյ արժանաւոր քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ.Լագիսեան կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը։

 Քահանայ հայրը այս առումով եւ ուշադրութեան տակ պահելով գաղութի նորահաս սերունդը այցելութիւն մը տուած է Նիւ Եորքի մէջ գործող Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։

 Լրատւութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

Երկուշաբթի, Յունիս 5-ին, Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, այցելեց Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնուհի՝ տիկին Սեդա Մկրեանին, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ: Այս այցելութեան ընթացքին, Տիկին Մկրեանի առաջնորդութեամբ Տէր Հայրը շրջագայեցաւ դասարանները եւ ծանօթացաւ վարժարանի կառոյցին եւ գործունէութեան: Տէր Մեսրոպ գնահատեց ու քաջալերեց ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն եւ անդրադարձաւ այս վարժարանին մէջ կատարուող գնահատելի աշխատանքին եւ յորդորեց կառչած մնալ հայ դպրոցին, լեզուին, կրօնքին, մշակոյթին ու ինքնութեան: