image

«Նիւ Եորք Թայմզ». Իսրայէլ այլեւս չի կրնար «պահուըտիլ» Ուաշինկթընի ետին...

«Նիւ Եորք Թայմզ». Իսրայէլ այլեւս չի կրնար «պահուըտիլ» Ուաշինկթընի ետին...

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը

Ամերիկեան The New York Times թերթը անդրադարձած է Կազայի դէմ Իսրայէլի շարունակուող յարձակումներու հետեւանքներուն՝ անոր հեղինակութեան եւ  միջազգային հանրութեան ու ազդեցիկ տէրութեանց միջեւ   երեւելի դարձող վիհին։

Ամերիկեան  պարբերականը նաեւ կը նշէ, որ  Իսրայէլ այլեւս ի վիճակի չէ թաքնուիլ Ուաշինկթընի թիկունքին։

Իսրայէլը համաշխարհային դատապարտումներու ալիք կը դիմագրաւէ՝ Կազայի դէմ իր յարձակման պատճառով (որ յանգեցուցած է աւելի քան 29,000 պաղեստինցիներու նահատակութեան, որոնց մեծ մասը՝ երեխաներ եւ կանայք), եւ Կազան աւերակներու քաղաքի վերածելու համար, գրած է «The New York Times»ը, նշելով, որ «Համաշխարհային ճնշման ահագնացող աճը ծայրայեղ մեկուսացման մատնած է Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ անոր վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն»:

Ըստ թերթի հաղորդագրութեան, «Իսրայէլի մինչ օրս չյանձնուիլը իր ամենազօրաւոր դաշնակցի՝ ԱՄՆ-ի աջակցութեան պատճառով է, սակայն այսօր Իսրայէլի կապը Ուաշինկթընի հետ եւս անսովոր խզում կ՚ապրի»։

Աղբիւրը նաեւ գրած է, որ «Պայտընի վարչակազմը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ շրջանառութեան մէջ դրած է բանաձեւի նախագիծ մը, որ կը նախազգուշացնէ Իսրայէլի բանակը ցամաքային յարձակում ձեռնարկելէ Եգիպտոսի մօտ գտնուող Ռաֆահի վրայ, ուր կը բնակին աւելի քան մէկ միլիոն պաղեստինցի փախստականներ. Պայտընի վարչակազմը նաեւ կոչ պիտի ընէ որքան հնարաւոր է շուտ ժամանակաւոր զինադադար հաստատելու»։

Պարբերականը մէջբերած է Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Մարթըն Էնտիքի խօսքերը, որ ըսած է «Սա մեծ խնդիր է Իսրայէլի կառավարութեան համար, քանի որ ան նախապէս կրնար թաքնուիլ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան ետին, բայց Պայտըն  այժմ կ՚ըսէ, որ Նաթանիահուն այլեւս չի կրնար ԱՄՆ-ի պաշտպանութիւնը դիտարկել որպէս «յաւիտենական դրուածք»։

Էնտիք աւելցուցած է, որ այսօր «Միջազգային հասարակական կարծիքի կողմէ դատապարտման աւելի ընդարձակ շրջանակ մը կայ, որ աննախադէպ է իր խորութեամբ, եւ որ տարածուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ», նշելով, որ «առաջադէմ, երիտասարդական եւ արաբ-ամերիկեան ընտրատարածքները զայրացած են, եւ խստօրէն կը քննադատեն Պայտընը՝ Իսրայէլին աջակցելու համար»:

Մինչ այդ, նշենք, որ Ուաշինկթըն բանաձեւի նախագիծ ներկայացուցած էր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին որ «կը հաստատէ աջակցութիւնը՝ Կազայի մէջ հնարաւորինս շուտ ժամանակաւոր հրադադարի հաստատման», սակայն դեռ յայտնի չէ՝ արդեօ՞ք բանաձեւի նախագիծը քուէարկութեան կը դրուի, եւ՝ երբ:

Բանաձեւի նախագիծին մէջ նաեւ ըսուած է. «Ներկայ պայմաններուն Ռաֆահի վրայ որեւէ խոշոր ցամաքային յարձակում աւելի մեծ վնաս պիտի հասցընէ խաղաղ բնակչութեան եւ կրնայ յանգեցնել անոնց տեղահանման՝ հարեւան երկիրներ»:

Ամերիկեան բանաձեւի այս նախագիծը  երեւան ելաւ, երբ Ուաշինկթըն, օգտագործելով իր «վեթօ»ն, տապալեց Կազայի մէջ հրադադարի մասին Ալճիրիոյ կողմէ ներկայացուած բանաձեւը։