image
Հրատապ լուրեր:

Նազարպայեւ կը զրկուի է Անվտանգութեան խորհուրդի ցմահ նախագահութեան իրաւունքէն

Նազարպայեւ կը զրկուի է Անվտանգութեան խորհուրդի ցմահ նախագահութեան իրաւունքէն

Ղազախստանի խորհրդարանի սենատի (Վերին պալատի) պատգամաւորները լիագումար նիստին հաւանութիւն տուած են օրէնսդրական ուղղումներուն, որոնք կը չեղարկեն հանրապետութեան նախկին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի` Ղազախստանի ժողովրդական վեհաժողովին եւ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ անոր ցմահ նախագահութիւնը:

Պալատի սահմանադրական օրէնսդրութեան, դատական համակարգի եւ իրաւապահ մարմիններու կոմիտէի եզրակացութեան համաձայն, ուղղումները ուղղորդուած են Ղազախստանի ժողովրդական վեհաժողովի նախագահի եւ Անվտանգութեան խորհուրդին նախագահի լրազօրութիւնները երկրի նախագահին փոխանցելուն: 

Բացի այդ, խորհրդարանին մէջ կը քննարկուին սահմանադրական օրէնքներու փոփոխութիւններն ու լրացումները, որոնք կը պահպանեն Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի կազմի մէջ մտնելու Նազարպայեւի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ հանդէս գալ կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ: