Ռուսասատանցի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնին, որ պատիժը կը կրէ Վլատիմիրի մարզի Մելեհովօ բնակավայրի խիստ ռեժիմի գաղութը (ԻԿ-6), կրկին տուգանային մենախուց տարուած է։ Այս մասին յայտնած է քաղաքական գործիչի համախոհ Իվան Ժտանով իր թուիթըրեան էջով։
«Նաւալնին ստացած է եւս 15 օր տուգանային մենախուց։ Այսօր ժամը 9։30-ին յանձնաժողով եղած է։ Այլ մանրամասնութիւններ դեռ չկան»,- գրած է Ժտանով։
Նաւալնին 16-րդ անգամն է, որ կը տարուի մենախուց։ Քաղաքական գործիչն այս քրէակատարողական գաղութն է անցեալ ամրան կէսերէն ի վեր։ Նախապէս, Նաւալնին տեղաւորելու համար նշուած են այնպիսի պատճառներ, ինչպիսիք են «արձակուած կոճակը» կամ «անժամանակ լոգանքը», յայտնած է DW-ն։