image

ՆԱԹՕ-ն կը մերժէ Քիեւը դաշինքին անդամակցելէ զրկելու Մոսկուայի պահանջը

ՆԱԹՕ-ն կը մերժէ Քիեւը դաշինքին անդամակցելէ զրկելու Մոսկուայի պահանջը

Ռուսաստանի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւնները դիւրին չէին, բայց տեղի ունեցած է կարծիքներու լուրջ եւ ուղղակի փոխանակում Ուքրանիոյ հարցով, ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի նիստէն յետոյ յայտարարած է դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը:

Անոր խօսքով, կողմերը դեռեւս զգալի տարաձայնութիւններ ունին, եւ անոնց վերաբերեալ ընդհանուր մօտեցումներ գտնելը բարդ խնդիր է։ Սակայն բանակցութիւններուն մէջ շօշափուած են զգայուն հարցեր։

Սթոլթընպըրկը դրական ազդանշան կը համարէ ՆԱԹՕ անդամ երկիրներու եւ Ռուսաստանի ներկայացուցիչներու` նոյն սեղանի շուրջ նստելու փաստը։ Բանակցութիւններու քննարկման թեման Ռուսաստանի իշխանութիւններու յառաջ քաշած «անվտանգութեան երաշխիքներու» վերաբերեալ պահանջն է։

Մոսկուան Արևմուտքէն փաստաթուղթով ամրագրուած «անվտանգութւան երաշխիքներ» կը պահանջէ, այդ շարքին՝ երբեք չընդունիլ Ուքրանիան կամ նախկին ԽՍՀՄ այլ երկիր ՆԱԹՕ-ի կազմ եւ դուրս բերել ռազմական ենթակառուցուածքներն ու դաշինքի ուժերը Արեւելեան Եւրոպայի այն երկիրներէն, որոնք Հիւսիսատլանտեան դաշինքին միացած են 1997-էն յետոյ:

 «ՆԱԹՕ-ն զիջումներու պիտի չերթայ իր հիմնական սկզբունքներու հարցին մէջ: ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները Ռուսաստանին կոչ ըրած են դուրս բերելու իր բոլոր ուժերը Վրաստանէն, Մոլտովայէն եւ Ուքրանիայէն: Ռուսաստանը վեթօ չունի Ուրանիան ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ ընդունելու կամ չընդունելու հարցով», յայտարարած է կառոյցի գլխաւոր քարտուղարը` ընդգծելով, որ դաշինքը կը մերժէ Մոսկուայի պահանջը՝ Քիեւը զրկել ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հնարաւորութիւններէն եւ հեռանկարներէն։