«ՆԱԹՕ-ն կը ծրագրէր միջուկային զէնքի կիրառումով Երրորդ համաշխարհային պատերազմ սանձազերծել Ռուսաստանի դէմ»։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ՝ Նիկոլայ Ազարով։
Ազարովի խօսքով՝ Ռուսաստան տեղեկութիւններ ստացած է Ուքրանիոյ մէջ 4 ռազմական բաժին (2 ցամաքային, 1 ծովային, 1 օդային) տեղակայելու ՆԱԹՕ-ի ծրագիրներու մասին։ Ընդ որում՝ օդային բաժինը՝ միջուկային մարտագլխիկներ կրելու հնարաւորութեամբ։
Ազարով մասնաւորապէս գրած է՝ «ՆԱԹՕ-ն կը ցանկայ իր զօրքերու այս տեղակայումը համաձայնեցնել 2022-ի ամրան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Այնուհետեւ, ամենայն հաւանականութեամբ, մինչեւ տարեվերջ անոնք հակամարտութիւն կը հրահրէին եւ միջուկային զէնքի կիրառումով լայնամաշտապ ռազմական գործողութիւններ կը սկսէին Ռուսաստանի դէմ։ Այսինքն, ՆԱԹՕ-ն կը ծրագրէր Երրորդ համաշխարհային պատերազմ սանձազերծել Ռուսաստանի դէմ միջուկային զէնքի կիրառումով։ Անոր մէջ առանցքային դերը պիտի տրուէր Ուքրանիոյ ամերիկեան կողմէ վերահսկուող ներկայ իշխող վերնախաւին եւ ազգայնականներուն։
Երրորդ համաշխարհային պատերազմը եւ միջուկային զէնքի կիրառումով Ռուսաստանի վրայ յարձակումը կանխելու համար Ռուսաստանի կառավարութիւնը որոշում կայացուց դադրեցնել այս իրավիճակը եւ կարգուկանոն հաստատել Ուքրանիոյ մէջ։ Արեւմուտքը ընկերային ցանցերու եւ այլնի միջոցով տեղեկատուական ճնշում կը գործադրէ, որ Ռուսաստան յարձակած է։ Անոնց համար ցաւալի է, որ իրենց ծրագիրները յօդս ցնդեցան, եւ հիմա Ռուսաստանը միջուկային զէնքով կործանել հնարաւոր չէ, որ կը գտնուի Ուքրանիոյ մէջ եւ Ուքրանիոյ հաշւոյն… Փութին Ուքրանիայէն եւ ՆԱԹՕ-էն առաջ անցաւ եւ իրականութեան մէջ հարիւր հազարաւոր մարդոց կեանքը փրկեց։ Պատերազմի մեկնարկէն մէկ օր առաջ Տոնպասի ռուսալեզու բնակչութիւնը բնաջնջելու ճակատագրական որոշումներ կայացուեցան։ Ուքրանական բանակը՝ Ազգային գումարտակներու ղեկավարութեամբ, կը պատրաստուէր ռազմական գործողութիւն սկսիլ Տոնպասի մէջ 25 Փետրուար-ին, 22-ին: Վլատիմիր Փութին բառացիօրէն մէկ օրով առաջ անցաւ Քիեւի եւ Արեւմուտքի ծրագիրներէն, ինչ որ թոյլ տուաւ, որ ռազմավարական նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնէ»։
«Ռուսական յատուկ գործողութեան մեկնարկէն մօտ մէկ շաբաթ առաջ Էտուարտ Պասուրին զեկուցեց Ուքրանիոյ զինուած ուժերու՝ Տոնպասի վրայ յարձակելու քարտէզի մասին: Այնտեղ յստակ ներկայացուած էր, թէ երբ պէտք է հասցուին հեռահար հրետանային հարուածները, երբ Համազարկային կրակի ռէակտիւ համակարգի եւ երբ օդուժի կողմէ, ապա անմիջական մարտավարական խումբի հարուածները, համապատասխանաբար՝ «Հիւսիս», «Հարաւ» եւ «Արեւելք»:
Երկու օրուայ ընթացքին կը նախատեսուէր «լիարժէք մաքրում» սկսիլ։ Ընդ որում, այս փուլին չէին նախատեսեր գրաւել Տոնեցքը, Լուկանսքը եւ մի քանի այլ քաղաքներ, այլ պարզապէս շրջապատել եւ արգելափակել, այսինքն՝ բնակավայրերու ամբողջական շրջափակում կը նախատեսուէր մինչեւ «ամբողջական մաքրումը»»։
Լուրը՝ News.am-էն: