image

ՆԱԹՕ-ի դռները բաց են. Պայտըն

ՆԱԹՕ-ի դռները  բաց են. Պայտըն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն զրուցած է Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսընի եւ Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նինիսթոյի հետ` երկիրներուն միջեւ պաշտպանական եւ անվտանգութեան սերտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրատլանտեան անվտանգութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերը քննարկելու համար: Այս մասին կը յայտնէ Սպիտակ տունը:

«Նախագահ Պայտըն ընդգծած է իր աջակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի բաց դռներու քաղաքականութեան եւ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` իրենց ապագան, արտաքին քաղաքականութիւնը եւ անվտանգութեան միջոցառումները որոշելու իրաւունքին», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Առաջնորդները նաեւ քննարկած են իրենց երկիրներուն միջեւ սերտ գործընկերութիւնը շարք մը համաշխարհային հարցերու շուրջ:

«Անոնք վերահաստատած են իրենց համատեղ յանձնառութիւնը` շարունակելու քայլերու համակարգումը` ի պաշտպանութիւն Ուքրանիոյ եւ պատերազմէն տուժած ուքրանացի ժողովուրդին», կը նշուի Սպիտակ տան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ: