Միացեալ Նահանգները եւ դաշնակիցները միասնական են Ուքրանիոյ դէմ յարձակման պարագային Ռուսաստանը պատասխանատուութեան ենթարկելու վճռականութեան մէջ, սակայն ՆԱԹՕ-ի բոլոր գործընկերները նոյնպէս պատրաստ են աշխոյժ դիւանագիտական բանակցութիւններ սկսելու Ռուսաստանի հետ: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Նետ Փրայսը։
Ճօ Պայտընի վարչակազմը հաստատած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ երկկողմ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունուար 10-ին։ Ինչպէս կ'ըսուի Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ, կողմերը պիտի քննարկեն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները եւ Ուքրանիոյ շուրջ աճող լարուածութիւնը նուազեցնելու հնարաւորութիւնը։