Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն մերժած է Պաղեստինի պետականութեան հեռանկարը Կազայի մէջ Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ պատերազմի աւարտէն ետք՝ խոստանալով այդ հարցով դիմակայել Միացեալ Նահանգներուն, որու ղեկավարութիւնը հրապարակաւ յայտարարութիւններու մէջ նշած է, որ Իսրայէլի կողքին պէտք է նաեւ Պաղեստին պետութիւն ստեղծուի, գրած է timesofisrael.com-ը:
Նաթանիահուն յայտարարած է, որ ինքը Միացեալ Նահանգներուն ըսած է, որ դէմ է Կազայի մէջ հակամարտութեան աւարտէն ետք Պաղեստին պետութեան ստեղծման:
Անոր խօսքով՝ Իսրայէլի քաղաքացիներու մեծ մասը դէմ է պաղեստինեան պետութեան ստեղծման, եւ ինքը միշտ պիտի դիմադրէ ատոր:
Մամուլի ասուլիսին Նաթանիահուն խոստացած է շարունակել յարձակումը Կազայի վրայ «մինչեւ լիակատար յաղթանակ»՝ ՀԱՄԱՍ-ի ոչնչացումը եւ մնացած իսրայէլցի պատանդներու վերադարձը, աւելցնելով, որ այդ կրնայ տեւել «աւելի շատ ամիսներ»: