image

Նարեկ Մալեանը դատապարտուեցաւ 1 տարուան ազատազրկման

Նարեկ Մալեանը դատապարտուեցաւ 1 տարուան ազատազրկման

Հասարակական-քաղաքական գործիչ Նարեկ Մալեանը դատապարտուած է 1 տարի ժամկէտով ազատազրկման։

Դատարանը անոր նկատմամբ վերջնական պատիժ սահմանած է ազատազրկում 5 ամիս 7 օր, եւ Նարեկ Մալեանէն յօգուտ պետութեան բռնագանձած 105,000 եւ 198,000 դրամ, կալանքը մնացած է անփոփոխ մինչեւ դատական վճռի օրինական ուժի մէջ մտնելը։

Նարեկ Մալեանը կալանաւորուած էր ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 329 յօդուածով։

Յօդուածը կը սահմանէ՝ «Անձի կամ անձանց խմբի նկատմամբ քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած ատելութիւն, անհանդուրժողականութիւն կամ թշնամանք քարոզելուն ուղղուած հրապարակային խօսքը»: Սահմանուած պատիժը՝ 1-4 տարի։

Մեղադրող կողմը պահանջած էր 3 տարի 3 ամիս ազատազրկում։ Նշենք, որ Նարեկ Մալեանն ինքզինք մեղաւոր չի ճանչնար եւ կը համարէ  քաղաքական բանտարկեալ։

Աւելի վաղ դատաւոր Սուսաննա Գզոգլեանը Մալեանը մեղաւոր ճանչցած էր։ Նշենք, որ Մալեանը արդէն 7 ամիս կալանքի մէջ է։