image

Նախայարձակին եւ գրոհի զոհին միջեւ հաւասարութիւն դնելու փորձերը մերժելի են

Նախայարձակին եւ գրոհի զոհին միջեւ հաւասարութիւն դնելու փորձերը մերժելի են

Պաշտօնական Ստեփանակերտը շահագրգռուած է, որ միջազգային հանրութիւնը միշտ արձագանգէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի որեւէ ապակայունացման։ Այս մասին ըսած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը՝ NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցին, մեկնաբանելով Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի վերջին յարձակման արձագանգը։

«Արցախի ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնում դա նշուած է։ Ընդ որում, մենք ցանկանում ենք հենց հասցէական արձագանգ, անգամ յայտարարութիւնների մակարդակով։ Բայց, ցաւօք,  մենք ընդհանուր առմամբ չենք տեսնում միջազգային հանրութեան արձագանգի հասցէականութիւն։ Աւելին, որոշ կազմակերպութիւններ, յայտարարելով թէժացման անթոյլատրելիութեան եւ իրավիճակի կայունացման իրենց շահագրգռուածութեան մասին, չգիտես ինչու փաստօրէն հաւասարութեան նշան են դնում ագրեսորի (նախայարձակի) եւ ագրեսիայի (յարձակման) ենթարկուած կողմի միջեւ։ Սա անթոյլատրելի է։ Աւելի լաւ է, ուրեմն, որ յայտարարութիւններ չլինեն, քան լինեն յայտարարութիւններ, որոնք հաւասարեցնում են ագրեսիայի զոհին եւ ագրեսիան սկսած կողմին։ Այս դէպքում դա իւրատեսակ, յատկապէս միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարում, նոր ագրեսիայի լրացուցիչ խթան է։ Մենք ենք ենթարկուել ագրեսիայի Ատրպէյճանի կողմից, եւ ոչ թէ Ատրպէյճանը՝ մեր կողմից։ Դրա համար հաւասարութեան նշան դնելը ճիշդ չէ թէ՛ քաղաքական, թէ՛, առաւել եւս, բարոյական տեսակէտից»,- ընդգծած է Դաւիթ Բաբայեանը։