Հայաստան- ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այսօր ընթացող ՀՀ կառավարութեան նիստին հանդէս գալով գոհունակութիւն յայտնած է սահմանային գօտիի երկայնքին հայկական սահմանապահ ուժերուն ցուցաբերած ընդհանուր գործունէութեան եւ պատրաստակամութեան վերաբերեալ: Նախարարը նաեւ ըսած է, որ հայկական կողմը բոլոր իմաստներով յարգած է Պաքուի խաղերուն ընթացքին հրադադարը յարգելու մօտեցումը: Սէյրան Օհանեան նաեւ ըսած է, որ հայկական ուժերը պատրաստ են ամէն գնով ոչ միայն պաշպանել սահմանային գօտին այլ եթէ հարկ զգացուի հակադարձ պատժիչ գործողութիւններով հանդէս գալ: