image

Սուրիոյ դէպքերը. Ծովափնայ տագնապը, քիւրտերուն հետ համաձայնութիւնը եւ «Սահմանադրական հռչակագիր»ը

Սուրիոյ դէպքերը. Ծովափնայ տագնապը, քիւրտերուն հետ համաձայնութիւնը եւ «Սահմանադրական  հռչակագիր»ը


Այսպիսով նոր կարեւոր փուլ մը կը մտնէ Սուրիան, եւ անոր պատկան մարմինները երկիրը կը դնեն իրաւական- սահմանադրական ուղիի մը վրայ, որ կրնայ ամրացնել երկրի ներ-քաղաքական կայունութիւնը եւ անոր զուգահեռ խթան դառնայ ընդհանուր անվտանգութեան ամրացման։

 Այս բոլորն ի հարկէ, յաջողութիւն կը գտնեն, եթէ երկրի միւս բաշկացուցիչները լիարժէք կերպով յարմարուին ստեղծուած կացութեան հետ, գործակցին նոր իշխանութիւններուն հետ ու ամենակարեւորը հեռու մնան արտաքին միջամտութիւններէ կամ պառակտում յառաջացնող նկրտումներէ։

 Չպէտք է մոռնալ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը վայելեն ամբողջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը Սիւննի աշխարհի գլխաւոր «խաղացող»ներուն, այլ խօսքով՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ։

 

Ծովափնեայ շրջաններու տագնապը...

 Անցնող շաբաթ Սուրիան ցնցած դէպքերը կերպով մը փարատած են։ 

 Կայ համընդհանուր կարծիք, որ Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ եղած դէպքերը կրնային երկրին հունը փոխել, սակայն բարեբախտաբար այդպէս տեղի չունեցաւ։ Սուրիոյ իշխանութիւնները, որոնք կանգնած էին բաւական դժուար  իրավիճակներու առջեւ կարողացան պահել երկրի ներքին անդորրը։ Ճիշդ է, որ տակաւին «վէրքը տաք է»  Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ (Լաթաքիա, Քըրտահա, Պանիաս եւ Թարթուս) բայց եւ այնպէս այսօրուայ դրութեամբ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ փոխանցման շրջանի ղեկավարութեան եւ իշխանութեան նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհի ամբողջական տիրապետութեան ներքոյ։ 

 Այս բոլորը ներկայացնելու կողքին հարկ է անշուշտ նշել, որ  Սուրիոյ մէջ կայք հաստատած եւ իշխանութեանց հետ համագործակցող (մեծամասնութեան մէջ սիւննի համայնքի անդամներ) խմբաւորումներ գրոհներ կազմակերպեցին եւ կարողացան մի քանի օրուան ընթացքին իրենց տիրապետութեան տակ առնել այդ քաղաքները, որոնց բնակիչները հիմնականին մէջ կը պատկանին Սուրիոյ Ալէւի համայնքին։

 Ու հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծագոյն հարցադրումը, թէ ինչ հունով եւ ինչ ձեւաչափով զարգացան այդ դէպքերը, որոնք հատեցին սովորական ռազմական բախումներու շրջափուլը ու տեղ մըն ալ վերածուեցան բառիս բուն իմաստով սպանդներու։

 Կարգ մը գիւղերու մէջ գործուեցան անասելի սպանութիւններ, որոնք տեղ մըն ալ հարուածեցին նոր իշխանութիւններուն վարկը։ 

 Այս բոլորի կողքին եւ ու ճիշդ այն պահուն, երբ միջազգային լրահոսին ու ընկերային ցանցերուն մէջ կը վխտային տարաբնոյթ տեսանիւթեր, ուր «կը ներկայացուէին» այն սպանութիւնները, որոնց զոհ կ՚երթային (մեծ հաշուով) անզէն քաղաքացիներ։

 Տեսարանները ցնցիչ էին ի հարկէ, ուր կային վերլուծումներ, ըստ որոնց այդ ղրջաններուն մէջ տեղի ունեցած դէպքերը պիտի տարածուէին ողջ Սուրիոյ մէջ։ Այդ պահուն էր նաեւ, որ արաբական կարգ մը կայաններ (մեծ մասամբ Սիւննի աշխարհին, հետեւաբար նաեւ Սէուտական Արաբիոյ սատարող) կը տարածէին տեղեկութիւններ, որոնց խորքին մէջ կը ներկայացուէր «չոր» համոզում մը այն մասին, որ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ընթացք առած խժդժութիւնները հետեւանք էին որոշ հրահրմուներու։

Բնականաբար այս բոլորը տեղ մը մեծ կասկածներու դուռ կը բանար, ոչ միայն անոր համար, որ պատերազմական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն մասին անկարելի (գոնէ այս փուլին) վերջնական եզրակացութիւններու յանգիլ, սակայն միւս կողմէ ալ կար լուրջ մտավախութիւն, որ ստեղծուած սարսափելի տեսարանները հետեւանք էին հին վրէժի ու վրէժխնդրութիւններու, որոնք մինչեւ այս պահը «պահուած» կը մնային սուրիական հողերու ընթերքին մէջ։

 Այդ մէկը կը բացատրուէր հինէն եկող փոխվրէժի խնդրով, որ անշուշտ փոխկապակցուած էր Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւն համարուող Ալէւի համայնքէն սերած Ասատեան վարչակարգի (Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի)  կատարած  ցեղային զտումներով, որոնք տեղի ունեցած էին Համա քաղաքին մէջ 80–ականներու սկզբին։

 Այդ վրէժն էր խորքին մէջ (հոս ոչ մէկ պարագային սպանութիւնները արդարացնելու ճիգ կայ), որ այս օրերուն դարձեալ մարմին կը զգենուր, արեան եւ սարսափի տխուր էջեր աւելցնելով Սուրիոյ տասը եւ աւելի տարիներու արիւնայեղ պատերազմի տարեգրութեանց մէջ։

Ինչպէս վերը նշեցի այս բոլորը տեղի կունենային շատ արագ, իրենց ետին թողելով կարեւորագոյն ու մեծ հարցադրում մը, որ կապուած է սուրիական հայրենիքի միասնութեան գաղափարին հետ։Արդեօք Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները պիտի կարողանան պահել- պահպանել այդ երկրի միասնութիւնը, կամ եղած դէպքերը պարզապէս «նախակարապետ»ն էին, կամ նոր «աւետիս» մը, այն արիւնալի  նոր փուլէն, որ այս օրերուն կանգնած է Սուրիոյ դռներու ետին։

 Հարցումը, որ հրապարակաւ լսելի կը դառնայ, խորքին մէջ հարցում մըն է, որ կը պտըտի բոլորին մտքերուն մէջ։ Սուրիոյ բոլոր տարբաղադրիչներուն, բոլոր ցեղատեսակներուն, բոլոր դաւանական խումբերուն եւ մանաւանդ բոլոր փոքրամասնութիւններուն մտքերուն մէջ...։

 Այստեղ հարկաւոր է նաեւ գրել Սուրիոյ «հայկական ճակատ»ին կամ տարբաղադրիչին մասին, որ անցաւ մեծ ու դառնագոյն փորձութիւններէ եւ այսօր իշխանափոխութիւնէն «ծնունդ առած» յոյսերուն մէջ կը փորձէ վերագտնել ինքզինք ու անգամ մըն ալ իր ոտքերը ամրացնել Սուրիոյ հիւրընկալ ափերուն վրայ։

 Ժամանակն է մեծ դարմանը մեր հարցումներուն եւ մտահոգութիւններուն եւ անշուշտ յոյսն է ամէնէն մեծ ապաւէն ը այս բոլորին զուգահեռ։ 

Այն յոյսը, որ առաւելաբար կը հոսի խաղաղ, բարգաւաճ եւ արժանապտիւ քաղաքացիներով նոր Սուրիա կերտելու հետ կը փոխառնչուի եւ որուն համր գէթ այս պահուն Սուրիոյ մերձաւոր հարեւանները (Թուրքիա, Իրաք, Յորդանան) պատրաստ են իրենց վրայ եղած նեցուկի բաժինը տրամադրել...։ 

 Մեծ խնդիրը Սուրիոյ ներսն է, արդեօք Սուրիոյ միւս համայնքները պատրաստ են անկեղծ գործակցութեան մը ճանապարհը կիսել երկրի մեծամասնութիւնը կազմող սիւննի բաղկացուցիչ հետ կամ ոչ։

 Եթէ այո՛ ըլլայ այս հարցումին պատասխանը, այն ատեն դրական գործընթացները շատ արագօրէն պիտի աճին... իսկ եթէ ոչ, ապա այդ պարագային ստեղծուելիք պատկերը կրնայ ըլլալ մոխրագոյնի եւ սեւի միջեւ տատանող ընդհանուր պատկեր մը։

 

Քիւրտերուն հետ նոր էջ

 Ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ եղած դէպքերը տակաւին ամբողջապէս չէին փարատած, երբ Սուրիոյ նախագահութիւնը կը յայտարարէր  համաձայնութեան մը ստորագրման մասին։ Մէկ կողմէ երկրի նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհ եւ միւս կողմէ «Քիւրտ դեմոկրատական ուժեր»ու հրամանատար՝ Մազլում Ապտի կը ստորագրէին այդ համաձայնութեան տակ, կերպով մըն ալ նոր էջ մը բանալով երկու կողմերուն եւ յատկապէս Սուրիոյ կարեւոր բաղկացուցիչներէն համարուող քիւրտերուն համար։ 

Սուրիոյ երկարատեւ վարչակարգի ամբողջ տարիներուն քիւրտերը միշտ ալ անտեսուած եղած են եւ ահա այսօր փորձ մը կայ զիրենք ներգրաւելու երկրի ընդհանուր գործընթացին մէջ։

 Յստակ էր նաեւ, որ այս համաձայնութիւնը երկար բանակցութիւններու արդիւնք է եւ այն կը կատարուէր Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններու տխուր դէպքերէն ետք։ 

 Հոս նաեւ կարեւոր է հաշուի առնել այն փաստը, որ քրտական զօրամիաւորման (հիմնական ուժն է՝ «Քասատ»ը) գլխաւոր դէմքը՝ Մազլում Ապտին փորձառու դէմք է եւ անհնար է, որ ան առանց վստահեցումներու նման համաձայնութեան մը տակ ստորագրէ։

 Թէ ինչքանով այս բոլորը կապ ունին Թուրքիոյ մէջ քրտական ենթագետինին մէջ կատարուողներուն հետ ցարդ յստակ չէ, սակայն շատ պարզ է , որ շրջանին մէջ նոր պատկեր մը (դրական անշուշտ) ստեղծելու առաջատար ուժն ու իրական կնքահայրը Միացեալ Նահանգներն են։

 

Շարըհ ստորագրեց «Սահմանադրական հռչակագիր»ը

 Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն վերջին խազը կը վերաբերի կարեւոր վաւերաթուղթի մը։ 

 Խօսքը «Սահմանադրական Հռչակագիր»ի մասին է, որ տակ ալ ստորագրեց Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհ։

 Այդ իրաւական «Ճանապարհային քարտէզ»ին մէջ կը նշուի, որ Սուրիոյ փոխանցման իշխանութիւնները պիտի գործեն հինգ տարուան շրջանի մը համար, որուն աւարտին պիտի կայացուին ընտրութիւններ։ 

 Վաւերաթուղթին մէջ կը նշուի, որ երկրի պատկան մարմինները պիտի ապահովեն բոլոր համայնքներուն եւ փոքրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի յարգուին կնոջ իրաւասութիւններն ու մամուլի, արտայայտուելու ազատութիւնները։ 

 «Սահմանադրական հռչակագիր»ը կը բաղկանայ 52 կէտերէ։

 Այսպիսով նոր կարեւոր փուլ մը կը մտնէ Սուրիան, եւ անոր պատկան մարմինները երկիրը կը դնեն իրաւական- սահմանադրական ուղիի մը վրայ, որ կրնայ ամրացնել երկրի ներ-քաղաքական կայունութիւնը եւ անոր զուգահեռ խթան դառնայ ընդհանուր անվտանգութեան ամրացման։

 Այս բոլորն ի հարկէ, յաջողութիւն կը գտնեն, եթէ երկրի միւս բաշկացուցիչները լիարժէք կերպով յարմարուին ստեղծուած կացութեան հետ, գործակցին նոր իշխանութիւններուն հետ ու ամենակարեւորը հեռու մնան արտաքին միջամտութիւններէ կամ պառակտում յառաջացնող նկրտումներէ։

 Չպէտք է մոռնալ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը վայելեն ամբողջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը Սիւննի աշխարհի գլխաւոր «խաղացող»ներուն, այլ խօսքով՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...