image

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան Եւ Բակո Սահակեան Յարգեցին Արցախի Անկախութեան Ճամբուն Ինկած Նահատկներուն Յիշատակը

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան Եւ  Բակո Սահակեան  Յարգեցին  Արցախի Անկախութեան Ճամբուն Ինկած Նահատկներուն Յիշատակը

 ԼՂՀ- «Արեւելք»- Արցախի     անկախութեան  24-րդ տարեդարձին առթիւ   Հայաստանի եւ Արցախի   հանրապետութիւններու նախագահները այսօր այցելած են   Ստեփանակերտի  «Եղբայրական գերեզման» յարգելով յիշատակը Արցախի անկախութեան ճանապարհին ինկած նահատակներուն:  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան,  ԼՂՀ  նախագահ Բակո Սահակեան    ընկերակցութեամբ  Արցախի եւ Հայաստանի     պատուիրակութիւններու   «Վերածնունդ» հրապարակէն ուղղուած են   «Եղբայրական  գերեզման»: Նախագահները    ծաղկեպսակ զետեղած են   նահատակներու յիշատակին:   Արարողութեան մասնակից եղած  է ԼՂՀ  նախկին  նախագահ   Արկադի Ղուկասեան, ԼՂՀ վարչապետ  Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի թեմի առաջնորդ  Պարգեւ Արք- Մարտիրոսեան- Արցախի ԱԳ նախարար  Կարէն Միրզոյեան   եւ    քաղաքական  գործիչներ Հայաստանէն ու Արցախէն: Նշենք, որ արարողութեան  աւարտին   զոյգ նախագահները իրենց շքախումբերով մեկնած են Շուշի , ուր բացումը  պիտի կատարուի    Արցախի գիւղատնտեսական համալսարանի եւ «Եզնիկ Մոզեան արհեստագիտական  հիմնարկ»ին: