image

Մոսկուան ենթարկուած է ԱԹՍ-ներու գիշերային յարձակման. Ռուսիան յարձակումը որակած է «միջազգային ահաբեկչութիւն»

Մոսկուան ենթարկուած է ԱԹՍ-ներու գիշերային յարձակման. Ռուսիան յարձակումը որակած է «միջազգային ահաբեկչութիւն»

Մոսկուան վաղ առաւօտեան`տեղական ժամանակով մօտ 04:00-ին, ենթարկուած է անօդաչու թռչող սարքերու յարձակման: Այդ մասին յայտնած է «ՌԻԱ-Նովոսթի»ն` նշելով, որ Ուքրանիան փորձած է երկու անօդաչու թռչող սարքով հարուածել մայրաքաղաքի կառոյցները, որոնք չբնակեցուած շինութիւններ եղած են: ԱԹՍ-ները երկուքն ալ շարքէ դուրս բերուած են եւ կործանուած են:

Յարձակման հետեւանքով տուժածներ եւ լուրջ աւերածութիւններ չկան: Փակ է Լիխաչովի պողոտայով եւ դէպի Քոմսոմոլի պողոտայ երթեւեկութիւնը:

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան Մոսկուայի վրայ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումը «միջազգային ահաբեկչութիւն» անուանած է:

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ յարձակման ետին կանգնած են Ուքրանիոյ զինուած ուժերը։

Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոպիանինը յայտնած է, որ 14 յուլիսի առաւօտեան՝ ժամը 04:00-ի սահմաններուն, անօդաչու սարքերը հարուածներ հասցուցած են երկու շէնքի։ Ինչպէս նշած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, եղած է երկու անօդաչու թռչող սարք։ Երկուքն ալ ճնշուած են ռատիոելեկտորնային պայքարի միջոցներով:

ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ՝ առաջին անօդաչու թռչող սարքը ինկած է Քոմսոմոլսքի պողոտայի, երկրորդը՝ Լիխաչովի փողոցին վրայ գտնուող առեւտրական կեդրոնի բարձրայարկ շէնքին վրայ։ Մայրաքաղաքի շէնքերուն հասցուած հարուածներու պատասխանատւութիւնը Ռուսիոյ պաշտպանութեան գերատեսչութիւնը դրած է «Քիեւի ռեժիմի վրայ»։