image
Հրատապ լուրեր:

Մոնթրէալի մէջ. Առաջնորդ Սրբազանը ընդունած է Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը

 Մոնթրէալի մէջ. Առաջնորդ Սրբազանը ընդունած է Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան, օրերս իր նստավայրին մէջ ընդունած է Գանատայի  ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի կազմը։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ   Գանատայի թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի նորընտիր կազմի անդամները։ Հանդիպման ներկայ էն նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Պրն. Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներըը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, շնորհաւորեց նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ իրենց բոլոր աշխատանքներուն։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ մեր հաստատութիւններուն եւ կառոյցներուն վերակենսաւորման եւ աշխատանքներու ձեւերու վերանայման։ Աւարտին շեշտուեցաւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս միասնական համագործակցութիւնը։