Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հրամանագիր ստորագրած է Մխիթար Հայրապետեանը Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար նշանակելու մասին։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը`համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի եւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի, Մխիթար Հայրապետեանին նշանակել բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարար»,- նշուած է հրամանագրին մէջ:
Նշենք, որ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով՝ Ռոպերթ Խաչատրեանն ազատուած է Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնէն: