Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Պրիւքսէլի մէջ հանիդպում ունեցած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինա Փիրիսի հետ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային վերջին զարգացումները եւ իրավիճակի ապակայունացմանն ուղղուած փորձերը:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութեան հետագայ ամրապնդմանն ուղղուած ջանքերուն։