image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով եռակողմ քննարկում. Թեման «Խաղաղութեան պայմանագիր»ն է

Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով եռակողմ քննարկում. Թեման «Խաղաղութեան պայմանագիր»ն է

4 Հոկտեմբերին, ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ԱՄՆ Արտաքին գործոց քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հեռախօսազրոյցը: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱԳՆ–էն:

Կողմերն իրենց կարծիքները ներկայացուցած են 2 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ կայացած հանդիպման վերաբերեալ:

Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական Զինուած ուժերու դուրսբերման, Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու շուտափոյթ հայրենադարձման ու հրադադարի ռեժիմի անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Շեշտուած է ուժի կամ ուժի կիրառման սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու կարգաւորման անընդունելիութիւնը:

Նոր յարձակումներու կանխարգելման ծիրէն ներս ընդգծուած է սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման եւ վերահսկման միջազգային մեքանիզմներու ներդրման կարեւորութիւնը:

Հեռախօսազանգի ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման ու Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու քննարկումները՝ ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման: