Նոյեմբեր 24-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Եաիր Լափիտի հետ:
ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեանը ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ իրականացուած վերջին յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-իսրայէլեան առկայ յարաբերութիւնները եւ հեռանկարները:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Սուրբ Հողին մէջ հայկական պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան առնչուող հարցերուն։