image

Մինսքի մէջ կայացաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստ

Մինսքի մէջ կայացաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մինսքի մէջ մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին:

Նախ Պելառուսիոյ վարչապետ Ռոման Կոլովչենքօն դիմաւորած է Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի կառավարութիւններու ղեկավարները, այնուհետեւ տեսալուսանկարահանման արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցած է նիստը:

Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու վարչապետները քննարկած են ներքին շուկայի ամրապնդման, ճանապարհային ենթակառուցուածքներու զարգացման, մաքսային սակագիներու կարգաւորումներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ թուային օրակարգի շրջանակին մէջ համագործակցութեան:

Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ Յունիս 21-ին: