image
Հրատապ լուրեր:

Մինսքի խումբի գործունէութիւնը կը բխի Հայաստանի շահերէն. Աղաջանեան

Մինսքի խումբի գործունէութիւնը կը բխի Հայաստանի շահերէն. Աղաջանեան

Պրիւքսէլի կարեւոր հանդիպումէն մէկ օր առաջ հակաիշխանական ուղերձներով հանրահաւաք ընելը պետութեան շահերէն չի բխիր, վարչապետին դիրքերը չի ամրացներ: Հանրահաւաքին հնչած մեղադրական ուղերձները սեղանին շուրջ վարչապետին դիրքերը չէին կրնար ամրացնել:

Այս մասին ըսած է ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտուարտ Աղաճանեանը:

Բացի այդ Էտուարտ Աղաճանեանը անդրադարձած է նաեւ հայկական կողմի դիրքորոշման ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան վերաբերեալ:

Ըստ անոր` կողմերէն մէկէն` Ռուսաստանէն Հայաստանը դրական ազդակներ ունի, ինչի մասին նոյնիսկ անհրաժեշտ չի համարեր խօսիլ. «Ռուսաստանը պատրաստակամ է այդ ձեւաչափով շարունակել աշխատանքները: Նոյն պատրաստակամութիւնը առանձին շփումներում ստացել ենք նաեւ Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ մեր գործընկերներից», ըսաւ ան:

Դիտարկման, թէ Սերկէյ Լաւրովը ըսած է, որ Արեւմուտքը չեղարկաղ է Մինսքի խումբի եռանախագահութիւնը, Էտուարտ Աղաճանեան արձագանգած է․ «Այդ Լաւրովի ընկալումն է: Ես վստահ եմ, որ այս լարուածութեան լոյսին տակ նման ընկալումներ հնարաւոր են»:

Հարցին, թէ արդեօ՞ք նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւն չկայ, Էտուարտ Աղաճանեանը միանշանակ բացառեց. «Հայաստանի շահերից է բխում որեւէ կերպ հարցականի տակ չդնել Մինսքի խմբի համանախագահութեան ձեւաչափը»: