Արցախէն հեռացած են նաեւ հոգեւորականները, բոլորը եկած են Հայաստան։
Այս մասին Tert.am-ին յայտնած են Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։
Մայր Աթոռէն հաղորդած են, որ անոնք երէկ եկած են, իսկ կիրակի Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ վերջին պատարագը մատուցած էր Հրայր Սարկաւագը, որմէ ետք բոլոր հոգեւորականներն, այդ շարքին՝ Դադիվանքի մէջ ծառայութիւն իրականացնողները հեռացած են Արցախէն։
Աւելցնենք, որ Դադիվանք վանական համալիրը դեռ 44-օրեայ պատերազմէն ետք անցած էր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, սակայն, հայ եկեղեցականներն այնտեղ կը շարունակէին իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը, անոնց անվտանգութիւնը կ'ապահովէին ռուս խաղաղապահները։