Իրավիճակը կը սրի անով, որ համաշխարհային տէրութիւններու յարաբերութիւնները զգալիօրէն վատթարացած են, ինչ որ յանգեցուցած է շարք մը խնդիրներու միջուկային դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ: Մասնաւորապէս, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմավարական կայունութեան շուրջ բանակցութիւնները փաստացի սառած են Ուքրանիա՝ Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկէն յետոյ:
Միջուկային զէնքի կիրառման վտանգը հասած է Պաղ պատերազմէն ի վեր ամենաբարձր մակարդակին. այդ պայմանաւորուած է անով, որ «միջուկային ակումբ»ի երկիրները կը սկսին աշխուժօրէն աւելցնել իրենց զինանոցները: Այս մասին կ'ըսուի Սթոքհոլմի Խաղաղութեան հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկի (SIPRI) հրապարակած զեկույցին մէջ:
«Միջուկային զէնքի կիրառման վտանգը այժմ ամենաբարձր մակարդակի վրայ է Պաղ պատերազմի ամենաբուռն ժամանակէն ի վեր», նշել են հիմնարկի փորձագէտները: Ներկայիս «յստակ նշաններ կան, որ միջուկային զէնքի կրճատման գործընթացը աւարտած է», եւ «բոլոր ուժերը «միջուկային ակումբ»ին մէջ (Ռուսիա, ԱՄՆ, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Չինաստան, Հնդկաստան, Փաքիստան, Իսրայէլ եւ Հիւսիսային Քորէա) կ'աւելցնեն մարտագլխիկներու քանակը եւ կ'իրականացնեն միջուկային զինանոցներու արդիականացում», ըսած են փորձագէտները:
Ինչպէս կը նշուի զեկոյցին մէջ, իրավիճակը կը սրի անով, որ «համաշխարհային տէրութիւններու յարաբերութիւնները զգալիօրէն վատթարացած են», ինչ որ յանգեցուցած է շարք մը խնդիրներու միջուկային դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ: Մասնաւորապէս, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի (անոնց բաժինն է միջուկային զէնքի աւելի քան 90%-ը) միջեւ ռազմավարական կայունութեան շուրջ բանակցութիւնները փաստացի սառած են Ուքրանիա՝ Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկէն յետոյ:
Բացի այդ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամները (Չինաստան, Ռուսիա, Ֆրանսայ, ԱՄՆ եւ Բրիտանիա) չեն միացած Միջուկային զէնքի արգիլման պայմանագրին եւ Իրանի զարգացման գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրին, Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ բանակցութիւնները տակաւին համաձայնեցուած չեն: