image
Հրատապ լուրեր:

Միջազգային համատեղ փորձագիտական առաքելութիւնը Մարտին պիտի այցելէ Արցախի գրաւեալ տարածքներ

Միջազգային համատեղ փորձագիտական առաքելութիւնը Մարտին պիտի այցելէ Արցախի գրաւեալ տարածքներ

ՄԱԿ-ի, Համաշխարհային դրամատան ու Եւրոմիութեան փորձագէտներու համատեղ առաքելութիւնը Մարտ 7-17-ին պիտի այցելէ Արցախի գրաւեալ տարածքներ` գնահատում իրականացնելու համար:

Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Վլատենքա Անտրէեւա: Ան նշած է, որ յետպատերազմեան շրջանին Ատրպէյճանին օգնութիւնը Պաքուի եւ ՄԱԿ-ի համաբործակցութեան ոլորտներէն է: 

«Ատրպէյճան պիտի այցելեն 10 փորձագէտներ: Անոնք պիտի ըլլան ՄԱԿ-ի, Համաշխարհային դրամատան ու ԵՄ ներկայացուցիչներ: Փորձագէտները Ատրպէյճանի մէջ պիտի ըլլան Մարտ 7-17-ին», ըսած է Անտրէեւան: ՄԱԿ-ի պաշտօնեային խօսքով` անոնք պիտի գնահատեն իրավիճակը Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ: