image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգները կոչ կ՚ընէ Ատրպէյճանին յարգելու իր քաղաքացիներու իրաւունքները

Միացեալ Նահանգները կոչ կ՚ընէ Ատրպէյճանին յարգելու իր քաղաքացիներու իրաւունքները

Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւններու առիթով:

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Հաֆիզ Պապալիի ձերբակալութեամբ, ինչպէս նաեւ լրագրողներու կալանաւորման վերջին դէպքերով։

Մենք կը շարունակենք կոչ ընել Ատրպէյճանի կառավարութեան յարգելու բոլոր քաղաքացիներու մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները, ներառեալ` անոնց, որոնք կ՚իրականացնեն խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը»,- գրուած է դեսպանատան X-ի էջին: