Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւններու առիթով:
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Հաֆիզ Պապալիի ձերբակալութեամբ, ինչպէս նաեւ լրագրողներու կալանաւորման վերջին դէպքերով։
Մենք կը շարունակենք կոչ ընել Ատրպէյճանի կառավարութեան յարգելու բոլոր քաղաքացիներու մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները, ներառեալ` անոնց, որոնք կ՚իրականացնեն խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը»,- գրուած է դեսպանատան X-ի էջին: